Համիտեան ջարդերուն եւ Ցեղասպանութեան նուիրուած համացանցային դասախօսութիւն

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ գործող Հայագիտական հիմնարկին նախաձեռնութեամբ, 13 ապրիլին, կե ժամը 1էն սկսեալ, համացանցային «Զում» հարթակին միջոցաւ տեղի պիտի ունենայ Համիտեան ջարդերուն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած համացանցային դասախօսութիւն մը։

Բանախօսն է պատմաբան դոկտ․ Մեհմետ Փոլաթել, որ ներկայիս յետ-դոկտորական ուսումնասիրութիւններու շրջան մը կ՛անցընէ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ, կեդրոնանալով համալսարանին «Շօա» հիմնարկութեան արխիւներուն մէջ գտնուող Ցեղասպանութեան ականատեսներու վկայութիւններուն վրայ։

Մասնակցութեան մանրամասնութիւններուն համար դիմել cagr@usc.edu հասցէին։

Asbarez.com

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2020
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ