Փայլանի հարցագիրը Առողջապահութեան նախարարին

Խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան Քորոնա ժահրի հետ պայքարի նիւթով դիմած է Առողջապահութեան նախարարին, բացատրութիւն պահանջելով իր իսկ ընտրուած Տիյարպէքիր քաղաքի համար նախատեսուած միջոցներու թերացումին պատճառաւ։

Փայլանի հարցումով յայտնի դարձած է, թէ այս քաղաքի համար ուղարկուած ստուգման սարքերը խիստ անբաւարար են։ Փայլան կը նշէ թէ Տիյարպէքիրի մէջ միայն մէկ հիւանդանոց ան ալ խիստ անբաւարար քանակութեամբ ստացած է ժահրի ստուգման ծառայող սարքերը։ Ամբողջ Տիյարպէքիրի համար ուղարկուած է միայն 500 օրինակներու ստուգման ծառայող միջոցներ։

Փայլան իր դիմումին մէջ կը նշէ թէ աւելի քան 2 միլիոն բնակչութիւն ունեցող քաղաքի մը համար բոլորովին անբաւարար է 500 ստուգում ապահովող սարքը։ Ան այս թերացումը անհաւատալի կը գտնէ եւ կը պահանջէ թէ շուտափոյթ կերպով յաւելեալ միջոցներ տրամադրուի Տիյարպէքիրին եւս։

Նշենք որ կառավարութեան գործադրած խտրականութիւնները կը շարունակուին նաեւ այս համաճարակի պայմաններուն տակ եւս եւ պետութեան միջոցները հասարակութեան կը տրամադրուին իշխանութիւններու քմահաճոյքներով։

Agos.com.tr/am 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2020
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ