Մարտ 2-ին, Թուրքիոյ մէջ «Հայկական հիմնադրամներու միութիւն»ը Եէտիքուլէի (Պոլսոյ թաղամասերէն) Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցին մէջ՝ գումարած է դռնփակ նիստ, որուն ժամանակ ընտրած են միութեան 2-րդ նախագահը։
Պոլսահայ «Ակօս» թերթին տեղեկութիւններով՝ միայն նիստին սկիզբը լրագրողներուն արտօնուած է լուսանկարել։
Միութեան երկրորդ նախագահ ընտրուած է Պոլսոյ հայկական Գարակէօզեան վարժարանին կից որբանոցի հիմնադրամի նախագահ Տիգրան Կիւլմեզգիլը։
Նիստի աւարտին հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ մասնաւորապէս նշուած է․
«Հայկական համայնքներու միութիւնը երկար ժամանակ անց հաւաքուած է նախագահ Պետրոս Շիրինօղլուի եւ 2-րդ նախագահ Տիգրան Կիւլմեզգիլի գլխաւորութեամբ։ Մեր հիմնադրամները աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցած են նիստին։ Նիստի օրակարգային թեման եղած են համայնքային ընդհանուր խնդիրները, որոնց շուրջ եղած են խորհրդակցութիւններ»։
Կը նշուի, որ ներկայ փուլով աշխատանքային ժամանակացոյցի մասին միութեան ղեկավարները պիտի ծանուցուին Կ․ Պոլսոյ Հայոց նորընտիր պատրիարք Ամենապատիւ Տ․ Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեանի հետ հանդիպումէն ետք։
Yerakouyn.com
Leave a Reply