Յայտարարութիւն

Մեր համայնքային եւ թաղային մարմիններուն, ինչպէս նաեւ մեր բարեպաշտ ժողովուրդին կը ծանուցանենք, թէ 8 Մարտ 2020, Կիրակի վախճանման առաջին տարելիցն է ԵՐԱՆԱՇՆՈՐՀ Տ. ՄԵՍՐՈՊ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ։

Այս առթիւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ Ս. Պատարագի մատուցմամբ Հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Երանաշնորհ Պատրիարք Հօր հոգւոյն տ հանգիստ Նախագահութեամբ Ն.Ա.Տ. ՍԱՀԱԿ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ։

Նոյն օրը ժամը՝ 15.00-ին այցելութիւն պիտի տրուի Երանաշնորհ Պատրիարքի Շիշլիի Ազգային Գերեզմանատան հանգտարանին ու յետ կանոնական հանգստեան արարողութեան տեղի պիտի ունենայ շիրմին բացումը՝ Նախագահութեամբ Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հօր եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականաց Դասուն։

Նոյն օրը Ստանպուլի մեր եկեղեցիները բաց պիտի մնան պաշտամունքի եւ Ս. Պատարագի մատուցման։ Այս առթիւ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ յաւարտ Ս. Պատարագի պիտի կատարուի Հոգեհանգստեան Պաշտօն Երանաշնորհ Պատրիարք Հօր հոգւոյն ի հանգիստ։

ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ

http://Պատրիարքութիւն Հայոց – Ermeni Patrikligi 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2020
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
242526272829  

Արխիւ