ՀՅԴ ներկայացուցիչը մասնակցեցաւ Թուրքիոյ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան 4րդ համագումարին

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- ՀՅԴ Հանրային կապերու գրասենեակէն կը հաղորդեն, որ 23 փետրուարին, Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան (HDP) 4րդ հերթական  համագումարը, որուն մասնակցեցան հազարաւոր պատգամաւորներ, իսկ շատ մը ուրիշներ զրկուեցան մասնակցելէ՝ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ յարուցուած արհեստական արգելքներուն պատճառով:

Նշենք, թէ համագումարին նախագահութեան անդամ էր նաեւ Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Կարօ Փայլան:

Համագումարին մասնակցեցան զանազան երկիրներու եւ շրջաններու կուսակցութիւններու (Ֆրանսա, Գերմանիա, Աւստրալիա, Թունուզ, Պաղեստին, Յորդանան, Մարոք, Կիպրոս, Շուէտ, Լիբանան, Եգիպտոս, Իտալիա, Սպանիա, Պասքերու երկիր, Քաթալոնիա, Դանիա, Նորվեկիա, Անգլիա, Սկովտիա, Փորթուգալ, Ֆինլանտիա, Զուիցերիա եւ Հայաստան) ներկայացուցիչներ:

ՀՅԴի կողմէ համագումարին մասնակցեցաւ Խաժակ Մկրտիչեան, որ մասնակցած էր նաեւ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան 3րդ համագումարին:

Համագումարի աշխատանքներուն վերջաւորութեան ընտրուեցան կուսակցութեան համանախագահները եւ խորհուրդը: Կուսակցութեան կանոններուն համաձայն՝ ղեկավար մարմիններուն մէջ կանանց եւ տղամարդոց թիւը հաւասար է. համանախագահներ վերընտրուեցան Փերվին Պուլտան (Pervin Buldan) եւ Միթհատ Սանճար (Mithat Sancar):

Asbarez.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2020
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
242526272829  

Արխիւ