Ֆրանսայի դեսպանը կը քննադատէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը չակերտելու «Ա.Էֆ.Փէ.»ի կեցուածքը

ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Ֆրանսական «Ա.Էֆ.Փէ.» լրատու գործակալութիւնը կը յամառի Հայոց Ցեղասպանութիւնը զետեղել չակերտներու մէջ, հակառակ բազմաթիւ անգամներ հնչած բողոքներու, կատարուած դիմումներու եւ անոնց տրուած՝ սրբագրութեան խոստումի նմանող պատասխաններուն:

Վերջին օրինակը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին Սուրիոյ խորհրդարանի ընդունած որոշումին մասին գործակալութեան 13 փետրուար թուակիր լրատուութիւնն էր, որուն մէջ կ՛ըսուի. «Սուրիոյ հիւսիս-ա-րեւմտեան հատուածին մէջ մահաբեր բախումներէ ետք՝ Թուրքիոյ հետ խիստ լարումի ենթախորքին վրայ, Սուրիոյ խորհրդարանը այսօր պաշտօնապէս ճանչցաւ 1915էն 1917ի միջեւ շուրջ 1.5 միլիոն հայերու ջարդը որպէս «ցեղասպանութիւն»»:

Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ժոնաթան Լաքոթ անդրադարձաւ այս երեւոյթին՝ «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրելով.

«1. 1915ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցուեցաւ, ակնյայտ շահագործման իրադրութեան մը մէջ, վարչակարգի մը կողմէ, որ սպաննած է իր 500,000 քաղաքացիները,

  1. «Ա.Էֆ.Փէ.»ն չակերտներու մէջ կը զետեղէ ցեղասպանութիւն բառը:

Ասոնցմէ ոչ մէկը արդարութիւն է զոհերուն յիշատակին»:

Asbarez.com

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2020
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
242526272829  

Արխիւ