Հայամէտ թուրք գործիչ Քաւալա 840 օրեր բանտարկուելէ ետք ազատ արձակուեցաւ, ապա դարձեալ ձերբակալուեցաւ

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիպահեր».- Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւններու դատարանին որոշումով, 18 Փետրուարին ազատ արձակուեցաւ «Թուրքիոյ կառավարութիւնը տապալելու փորձ կատարելու» յանցանքով մեղադրուող հասարակական գործիչ եւ գործարար Օսման Քաւալա: Քաւալա հիմնադիրն է «Անատոլու Քիւլթիւր» հիմնարկին, որ նաեւ հայկական մշակոյթը ներկայացնող ձեռնարկներ կազմակերպած է: Քաւալա ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը եւ խստիւ դատապարտած զայն: Քաւալա 2013ի ամրան մասնակցած էր «Կեզի» զբօսայգիին մէջ տեղի ունեցած  հակակառավարական ցոյցերուն եւ բանտարկուած էր Դեկտեմբեր 2017ին, որմէ ետք բազմաթիւ թրքական եւ միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններ բողոքած էին անոր բանտարկութեան դէմ՝ պահանջելով, որ վերջ տրուի անոր ապօրինի բանտարկութեան։

Քաւալա անակնկալօրէն ազատ արձակուեցաւ, 840 օրեր բանտարկուելէ ետք, սակայն, միայն քանի մը ժամ ետք, Պոլսոյ դատախազութիւնը որոշեց դարձեալ ձերբակալել Քաւալան, ոտնակոխելով դատարանին որոշումը։

Asbarez.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2020
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
242526272829  

Արխիւ