Տիգրանակերտի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ կամարուղիներէն մաս մը քանդուած է Խարբերդի երկրաշարժէն

Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան «Ֆէսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է, թէ անցեալ շաբաթ, Խարբերդի մօտերը տեղի ունեցած ուժգին եկրաշարժին հետեւանքով Տիգրանակերտի Ս. Սարգիս Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կամարուղիներէն մաս մը քանդուած է, հակառակ անոր, որ եկեղեցին երկրաշարժի կիզակէտէն մօտաւորապէս 75 մղոն հեռու կը գտնուի։

Դոկտ. Մուրատեան կը յիշեցնէ նաեւ, որ եկեղեցին արդէն տասնամեակներէ ի վեր աստիճանաբար կը քանդուի գանձագողներու կողմէ։ Ան կը նշէ, թէ եկեղեցւոյ կրած վնասներուն վերաբերող լուսանկարները ստացած է իր ինքնութիւնը բացայայտել չուզող բարեկամէ մը։

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2020
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ