Պատրիարք Հայրը ընդունեց Ամերիկայի աւագ հիւպատոսը

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 29 յունուար 2020, չորեքշաբթի, ժամը՝ 14.30-ին Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Ա.Մ.Ն.ու Ստանպուլի Աւագ Հիւպատոս Տարիա Տէրնըլը, որուն կ՚ընկերանար քաղաքական գործիչը։

Յարգելի հիւրերը, Հայոց Պատրիարքութեան եւ նորընտիր գահակալին ծանօթանալու համար եկած էին Գումգաբու։ Տեսակցութեան ընթացքին շնորհաւորեցին նաեւ Նորին Ամենապատուութիւնը եւ իրմէ ստացան Աթոռոյ պատմութեան եւ առաքելութեան մասին ընդհանուր գիտելիքներ։

Պատրիարք Հայրը յատկապէս յիշեցուց թէ՝ Հայ Եկեղեցւոյ կարեւոր կեդրոններէն մին է Պոլսոյ Աթոռը եւ իր սահմաններէն ներս կը ջանայ պատասխանել համայնքի զաւակներուն կրօնական, բարոյական եւ մշակութային պահանջքներուն։ Պատրիարք Հայրը, շնորհակալութիւն յայտնեց յարգելի հիւրերուն քաղաքավարական այցելութեան առիթով եւ յաջողութիւն մաղթեց դիւանագիտական իրենց պաշտօնին մէջ։

Յարգելի հիւրերը, յետոյ շրջեցան Աթոռոյս «Կոլոտ» հաւաքածոն ու մեկնեցան Պատրիարքարանէն։

Hyetert.org 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2020
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ