Հրանդ Տինքի սպանութեան տարելիցին առիթով ոգեկոչման ձեռնարկներ

ՈՒԻՆԵԹՔԱ.- Կազմակերպութեամբ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան, կիրակի, 19 յունուարին, կ.ե. ժամը 1ին, հոգեհանգստեան արարողութիւն տեղի պիտի ունենայ Մոնթեպելլոյի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ, Հրանդ Տինքի սպանութեան տարելիցին առիթով: Հասցէն է՝ 901 Via San Clemente, Montebello, CA 90640։

Երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ, Հրանդ Տինքի նահատակութեան 13րդ տարելիցի ոգեկոչման պաշտօնական ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Պոլսահայ միութեան կեդրոնին մէջ (19726 Sherman Way, Winnetka, CA 91306)։

Ելոյթներ պիտի ունենան՝ Ռոյ Առաքելեան, Թամար Նալճը, Կարօ Ղազարեան եւ Բագրատ Էսդուգեան, որ նաեւ պիտի ստանայ Տինքի անուան Պոլսահայ միութեան մրցանակը։

Asbarez.com

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2020
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ