Հինգ հազար ամեայ խնոցին լոյս կը սփռէ մածունի ստեղծման պատմութեան

Արեւմտեան Հայաստանի Ամասիայի Հնագիտական թանգարանին մէջ ցուցադրուած 5000 տարուայ խնոցին լոյս կը սփռէ մածունի պատմութեան վրայ:

Ան ամենամեծ ապացոյցն է այն բանին, որ մածունը գոյութիւն ունեցեր է 5000 տարի առաջ եւ ան կը գրաւէ այցելուներու մեծ ուշադրութիւնը:

Այս իւրատեսակ խնոցին պատրաստուեր է Մ․Թ․Ա․ 5 հազար տարի առաջ՝ պղինձի դարուն:

Ան պատրաստուած է թրծուած կաւէն, ունի շուրջ 30 սանտիմետր երկարութիւն, 4 պարան անցընելու համար կորացուած անկիւններուն առկայ են օղակներ, իսկ վերին հատուածին գտնուող ձուաաձեւ անցքը թոյլ կուտայ մածունը փոխանցելու պահուստարան։

Այսպիսով պարզ կը դառնայ, որ վաղ ժամանակներուն, երբ նոր նոր կը ստեղծուէին գիւղական բնակավայրերը,Արեւմտեան Հայաստանի մէջ արդէն կը տիրապետէին մածունէն կարագ պատրաստելու արուեստին։ Ի հարկէ, մինչ օրս հնագոյն շրջանէն մեզի հասած փայտեայ, թրծուած կաւէ եւ կաշիէ պատրաստուած խնոցիներ ալ կան: Բայց այս մէկը առանձնապէս կը գրաւէ այդքան մեծ ուշադրութիւն եւ գնահատանք:

Westernarmeniatv.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2020
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ