Շաբաթավերջի երկու օրերը՝ 11 եւ 12 յունուարը, պոլսահայութեան կեանքին մէջ սկզբնակէտը դրին նոր շրջանի մը, երբ Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքութեան գահին վրայ պաշտօնապէս բազմեցաւ նորընտիր պատրիարք Սահակ Բ. եպս. Մաշալեան։
Շաբաթ օր յետմիջօրէին, Գումգաբուի աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ կատարուած փառաւոր հանդիսութեամբ մը Սահակ Բ. պատրիարք հայրը ստացաւ պատրիարքական ասան եւ կատարեց իր երդումը։
Վերջին անգամ 21 տարի առաջ՝ նոյեմբեր 1998ին էր, որ քաղաքին հայութիւնը ներկայ գտնուած էր պատրիարքական գահակալութեան արարողութեան, երբ գահ բարձրացած էր Մեսրոպ արք. Մութաֆեան, բայց պատրիարքը հազիւ տասը տարի կրցաւ հովուել իր հօտը. յաջորդող 11 տարիներուն աթոռը թափուր մնաց։
Շաբաթ յետմիջօրէին, Մայր եկեղեցին բերնէ բերան լեցուն էր հաւատացեալներով, արարողութեան հետեւիլ փափաքողներու թիւը շատ բարձր էր, ուստի Որդւոց Որոտման եկեղեցւոյ մէջ եւս հսկայ պաստառի մը վրայէն կը ցուցադրուէր ամբողջ արարողութիւնը։
Արարողութեան ներկայ գտ-նուեցան արտասահմանէն ժամանած հայ եւ օտար հոգեւորականներ, պետական դէմքեր, դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, նաեւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ լրատուամիջոցներու մեծ թիւով թղթակիցներ։
Ասայի տուչութեան եւ գահակալութեան արարողութեան համար հայ եւ օտար հոգեւորականները խորան բարձրացան եւ տեղ գրաւեցին Սահակ սրբազանի կողքին։
Աւետարանի եւ աղօթքներու ընթերցումէն ետք, Սահակ Բ. ընտրեալ պատրիարքը ծնկաչոք կատարեց պատրիարքական ուխտը, նախ գրաբարով, ապա շատ կարճ ձեւին մէջ՝ թրքերէնով։
Երդումէն ետք խօսք առաւ պատրիարքարանի դիւանապետ եւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Թաթուլ Ծ. վրդ. Անուշեան, որ կարդաց իմաստալից ուղերձ մը եւ կատարեց ասայի՝ առաջնորդութեան մականի յանձնումը՝ նշելով. «Այս ասան ձեր հօտը կամեցաւ ձեզի յանձնել, որպէս հովուապետ։ Ստացէ՛ք զայն ու արթուն հսկեցէք, որպէսզի թշնամին որոմ չցանէ ձեր դաշտին մէջ։ Յանուն ձեր հօտին, առէ՛ք այս ասան ու եղէք իրաւ հովուապետը ձեր հօտին, մղեցէք բարի պատերազմը, որպէսզի խոստացեալ պսակացն արժանի եղիցուք»։
Այնուհետեւ հոգեւորականները միաձայն «Պահպանիչ»ը արտասանեցին։
Յաջորդեց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի Հայրապետական կոնդակի ընթերցումը, զոր կատարեց Մայր Աթոռի պատուիրակութեան առաջնորդ Եզնիկ արք. Պետրոսեան։ Կոնդակին ընթերցումէն ետք, սրբազանը ոսկեայ պանակէով մը զարդարեց պատրիարքին կուրծքը։
Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան արարողութեան մասնակցեցան Գեղամ արք. Խաչերեա՝, առաջնորդ Յունաստանի թեմին եւ Մեսրոպ եպս. Սարգիսեան՝ առաջնորդ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի թեմին:
Արամ Ա. կաթողիկոսի ողջոյնի գիրը կարդաց առաջնորդ Գեղամ սրբազանը, որ աւարտելէ ետք ընթերցումը՝ ոսկեայ արծիւ մը անցուց պատրիարք հօր վիզին։
Երուսաղէմի Նուրհան պատրիարք հօր ուղերձին ընթերցումը կատարեց Պարէտ հայր սուրբը։ Յունաց Պարթոլոմէոս պատրիարքը եւս շնորհաւորական խօսք արտասանեց։
Ապա խօսեցան նաեւ ասորի, գլտանի ու լատին եկեղեցիներու ներկայացուցիչները, որոնք իրենց կարգին պանակէներ նուիրեցին նորընտիր պատրիարքին։
Կաթողիկէ հայ համայնքի վիճակաւոր Լեւոն արք. Զէքիեան եւս ըսաւ, որ այսօր ցնծութեան եւ ուրախութեան օր է հայ համայնքին համար, իրեն համար մեծ պատիւ է բարեբաստիկ ընտրութեան առիթով խօսք առնել։ Ասիկա պատմական եղելութիւն մըն էր, որովհետեւ առաջին անգամն է, որ հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդի մը խօսք կը տրուի պատրիարքի գահակալութեան հանդիսութեան ընթացքին։
Տուչութեան ու գահակալութեան հանդէսը աւարտին հասաւ պատրիարք հօր անդրանիկ պատգամով, որ պատգամ ըլլալէ աւելի գոհաբանական խօսք էր, իր հոգեւորական կեանքին մէջ նոր ուխտ մը կատարած ըլլալու երջանիկ առիթով։
Գահակալութեան հանդիսութեան ներկայ ժողովուրդը, հիւրերը եւ հրաւիրեալները անցան յարակից «Պէզճեան Ամիրա» սրահը, ուր ճոխ ընդունելութիւն մը սարքուած էր եւ ուր բոլորը խումբ առ խումբ բաժակ բարձրացուցին պատրիարք հօր կենաց արեւշատութեան համար։
«ՄԱՐՄԱՐԱ»
Asbarez.com
Leave a Reply