Պոլսահայ Մշակութային Միութեան Մէկ Մշակութային յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Մոնթրէալի մէջ տեղի պիտի ունենայ լսարաններու շարք մը: Այս առթիւ միութիւնը Իսթանպուլէն յատկապէս հրաւիրած է խմբագիր, ուսուցիչ, թարգմանիչ եւ հրատարակիչ Սեւան Տէիրմէնճեան:
Առաջին լսարանը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 10 յունուար 2020-ին, իրիկուան ժամը 9:00-ին, «Պոլսոյ հայ վարժարանները եւ ուսումնական մակարդակը» թեմայով:
Երկրորդ լսարանը, համագործակցութեամբ Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբին, տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 17 յունուար 2020-ին, իրիկուան ժամը 9:00-ին, «Պոլսահայ տպագրական կեանքը, Արաս հրատարակչութիւնը, պոլսահայ գրականութիւնը» թեմայով:
Երրորդ լսարանը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 19 յունուար 2020-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, «Հրանդ Տինքի ժառանգը եւ ներկայիս Թուրքիան» թեմայով:
Horizonweekly.ca
Leave a Reply