Թրքական թերթը թիրախ կը դարձնէ Պոլսոյ «Արաս» հրատարակչութիւնը

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թրքական իշխանամէտ «Աքշամ» թերթի վերլուծաբան Էմին Փազարճը թիրախ դարձուցած է Պոլսոյ հայկական «Արաս» հրատարակչատունը եւ մայրաքաղաք Անգարայի Չանքայա շրջանի քաղաքապետարանը:

Պատճառը՝ «Արաս»ի եւ գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան հակակշիռին տակ գտնուող Չանքայայի քաղաքապետարանի ղեկավարութեան համագործակցութեամբ տեղի ունեցած գիրքերու ցուցահանդէսն է, ուր ցուցադրուած են նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին գիրքեր:

Փազարճը գրած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան «պնդումներն ու սուտերը» Անգարայի համար լուրջ գլխացաւ դարձած են, եւ այս գծով արտաքին բոլոր դերակատարները, ներառեալ Թուր-քիոյ դաշնակիցը համարուող Միացեալ Նահանգները, կը յարձակին Թուրքիոյ վրայ:

Ապա, հեղինակը, մատնացոյց ընելով Չանքայայի քաղաքապետարանի իրականացուցած գիրքերու ցուցահանդէսը, գրած է, որ ընդդիմադիր կուսակցութիւնը նման արարքներով երկրին կը հարուածէ թիկունքէն:

Հեղինակը գրած է, որ ցուցահանդէսին ժամանակ կը հրամցնեն Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Արեւմուտքի «սուտերը», որոնց դէմ Անգարա տարիներ շարունակ կը պայքարի:

«Այնտեղ ցուցադրուած, ներկայացուած ու վաճառուած են գիրքեր «Արաս» հրատարակչութենէն, որ հայկական կազմակերպութիւն է: Անոնց մէջ կան 158 թրքերէն եւ 60 հայերէն գիրքեր», գրած է Ցեղասպանութիւնը ժխտող հեղինակը։

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2019
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ