ԱԳ նախարարութիւնը կ՛անդրադառնայ Ագուլիսի հայերու ջարդին

Հայաստան առաւել քան վճռական է պաշտպանելու եւ ապահովելու հայ ժողովուրդի գոյութեան ու խաղաղ զարգացման իրաւունքը իր պատմական հայրենիքին, որուն կարգին՝ Արցախի մէջ: Այս հաստատումը կատարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Աննա Նաղդալեան՝ անդրադառնալով Ագուլիսի հայերու ջարդերու 100-ամեայ տարելիցին։

«Այսօր մենք կը յիշատակենք Ագուլիսի հայերու եղեռնագործութեան 100-րդ տարելիցը: Մէկ դար առաջ՝ 1919թ. Դեկտեմբեր 24-25 խաղաղ հայ բնակչութիւնը ենթարկուեցաւ զանգուածային կոտորածի, իսկ Նախիջեւանի այս հինաւուրց հայկական բնակավայրը վերածուեցաւ աւերակի:

«Արժանայիշատակ է, որ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան կառավարութիւնը, ի պատասխան այս ջարդերուն, դիմած էր միջազգային հանրութեան եւ, մասնաւորապէս՝ Անտանտի եր-կիրներուն՝ իր տարածքին մէջ իրականացուող բռնութիւնները կանխարգիլելու եւ տարածաշրջանի հայերու անվտանգութիւնը ապահովելու կոչով:

«Դժբախտաբար Նախիջեւանի հայերուն դէմ գործած յանցանքները չսահմանափակուեցան միայն 20-րդ դարու պատմութեամբ, այլեւ նոր դրսեւորում ստացան մեր օրերուն, երբ ատրպէյճանական իշխանութիւնները, վերջնականապէս հայաթափելով Նախիջեւանը, իրականացուցին նաեւ հայկական մշակութային ժառանգութեան համակարգուած եւ զանգուածային ոչնչացումը: Իբրեւ արդիւնք՝  ամբողջովին աւերուեցան հազարաւոր քրիստոնէական յուշարձաններ՝ ինչպէս եկեղեցիներ, վանքեր եւ խաչքարեր՝ Ջուղայի, Ագուլիսի եւ այլ վայրերու մէջ: Ատրպէյճանական բանակի զինծառայողներուն կողմէ միջնադարեան քրիստոնէական արուեստի գլուխգործոցներ համարուող Ջուղայի հազարաւոր խաչքարներու  ոչնչացումը, որ փաստագրուած է տեսաձայնագրութեամբ, կը մնայ համաշխարհային պատմութեան մէջ իբրեւ մշակութային վայրագութիւններու անգերազանցելի դրսեւորում:

«Այսօր, այս ողբերգական դէպքերէն հարիւր տարի անց՝ Հայաստանը առաւել քան վճռական է պաշտպանելու եւ ապահովելու հայ ժողովուրդի գոյութեան եւ խաղաղ զարգացման իրաւունքը իր պատմական հայրենիքին մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Արցախի»,- յայտնեց Նաղդալեան:

Yerakouyn.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

Արխիւ