«Օսմանեան շրջանին այստեղ 2.5 միլիոն հայեր կ՛ապրէին, իսկ այժմ՝ 40-60 հազար». Մաշալեան

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Պոլսոյ Հայոց նորընտիր պատրիարք Սահակ եպս. Մաշալեան թրքական «A Haber» լրատուականին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին խօսեցաւ Ծերակոյտին կողմէ ընդունուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մասին, շեշտելով երկու երկիրներուն միջեւ երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը:

Անդրադառնալով Ցեղասպանութեան դէպքերուն, Մաշալեան բաւարարուեցաւ՝ ըսելով. «Մեր անհատական զարգացման մէջ, 1915ի դէպքերը սերունդէ սերունդ կը փոխանցուին, վիշտը վերապրած ընտանիք չկայ: Օսմանեան շրջանին 2-2.5 միլիոն հայեր կային: Այս պահուն, Թուրքիոյ մէջ 40-60 հազար հայեր կ՛ապրին: Վերջին 100 տարիներուն ընթացքին այս հողերուն վրայ ապրող հայերու թիւի կտրուկ նուազում տեղի ունեցած է»:

Բանաձեւին ընդունման վերաբերեալ Մաշալեան ըսաւ, որ այդպիսի իրադարձութիւններ տեղի կ՛ունենան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկխօսութեան բացակայութեան պատճառով:

«Եթէ 2 երկիրները չկարենան նստիլ եւ խօսիլ այս նիւթերուն մասին, զանոնք օրակարգի պիտի բերեն Անգարայի հետ քաղաքական, տնտեսական կամ ռազմավարական հարցեր ունեցող եր-կիրները», շեշտեց պատրիարքը՝ աւելացնելով, որ ինք անձնապէս կը վիրաւորուի, որ վիշտ ապրած մարդոց յիշողութիւնները կ՛օգտագործուին՝ իբրեւ գործիք օրուան քաղաքականութեան մէջ:

Ան նաեւ նշեց, որ հանրապետական Թուրքիոյ պատմութեան մէջ փոքրամասնութիւններու համար ամէնէն բարենպաստ շրջանը Էրտողանի գլխաւորած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կառավարման ժամանակահատուածն է:

Asbarez.com

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2019
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ