ASİMDER-ը 7 լեզուով հակահայկական քարոզչութիւն կ՝իրականացնէ

Թուրքիոյ մէջ հակահայկական քարոզչութիւն իրականացնող ու Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումով զբաղող կազմակերպութիւններու համացանցային աղբիւրներու ցանկը աւելցած է:

Վկայակոչելով İHA-ը՝ Ermenihaber.am-ը կը հաղորդէ, թէ թրքական ASİMDER («Ցեղասպանութեան անհիմն պնդումներու դէմ պայքարի միութիւն») կոչուող միութիւնը յայտարարած է նոր կայքի գործարկման մասին: Ըստ յայտարարութեան՝ կայքը պէտք է ամենօրեայ եղանակով մշտադիտարկում իրականացնէ միջազգային մամուլի մէջ: Պէտք է յայտնաբերէ «Հայոց Ցեղասպանութեան մասին նիւթեր եւ հակաթրքական բնոյթի հրապարակումներ», այնուհետեւ զանոնք հաւաքէ իր տուեալներուն մէջ, Թուրքիոյ պաշտօնական թեզերուն համահունչ պատասխաններ պատրաստէ ու հրապարակէ 7 լեզուով:

Tarihigercekler.net անուանումով կայքը հրապարակումներ պիտի ունենայ թրքերէն, անգլերէն, գերմաներէն, ֆրանսերէն, ռուսերէն, արաբերէն ու պարսկերէն լեզուներով:

ԱՄՆ-ի, Գերմանիոյ, Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Աւստրիոյ, Հոլանտայի ու Պելճիքայի մէջ գործող թրքական լոպպիստական կազմակերպութիւններու հետ կապ հաստատած կայքը նպատակ ունի նաեւ պարարտ հող ստեղծելու նշեալ լոպպիստական կառոյցներու հզօրացման համար:

Բացայայտ ռասիստական գործունէութիւն ծաւալող այս կազմակերպութիւնը իր նորաբաց կայքով կը տարածէ հայերուն նկատմամբ ատելութիւն սերմանող տեղեկութիւններ:

Հակահայկական կազմակերպութեան ղեկավար Սաւաշ Էղիլմեզը նշած է, որ կարճ ժամանակ առաջ գործարկուած կայքը արդէն ամսական ունի 30 հազարէն աւելի այցելու, որոնց 70 տոկոսը արտերկրէն:

Yerakouyn.com

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2019
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ