Թրամփ Ուաշինկթընի մէջ Անգարայի վերջին ջատագովը Կը մնայ. Հայ Դատ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը մեկնաբանեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան այն յայտարարութիւնը, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ ամերիկեան վարչակազմին դիրքորոշումը չէ փոխուած:

«Մեր մօտեցումը կ՛արտացոլայ այս տարուան Ապրիլին Միացեալ Նահանգներու նախագահին արտայայտած յայտարարութեան մէջ», արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքին վրայ զետեղուած մեկնաբանութեան մէջ կը նշէր նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Մորկըն Օրթըկըս:

Յիշեցնենք, որ այս տարուան Ապրիլ 24ին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցին առթիւ հրապարակուած ուղերձին մէջ, նախագահ Տանըլտ Թրամփ 1915ի իրադարձութիւնները անուանած էր «Մեծ Եղեռն», դարձեալ խուսափելով «ցեղասպանութիւն» բառը օգտագործելէ:

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան յայտնեց, թէ յստակ չէ, որ «նախագահ Թրամփ որքան հաւատարիմ պիտի մնայ իր հակաամերիկեան դիրքերով ծանօթ մենատէր Էրտողանին»:

«Մինչ հանրապետական եւ դեմոկրատ քոնկրեսականներուն առաւել քան 98 տոկոսը իր աջակցութիւնը յայտնեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման Քոնկրեսի բանաձեւին, նախագահը մեկուսացած կը մնայ եւ Անգարայի վերջին ջատագովն է Ուաշինկթընի մէջ», նշեց Համբարեան:

Asbarez.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2019
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ