ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը վերջապէս կը մեկնաբանէ Ծերակոյտին կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը երեքշաբթի, 17 դեկտեմբերին, վերջապէս մեկնաբանեց անցեալ շաբաթ Ծերակոյտին կողմէ թիւ 150 բանաձեւին ընդունումը, որմով ամերիկացի ծերակուտականները 1915-ի ջարդերը Ցեղասպանութիւն որակած էին:

«Ամերիկեան վարչակազմին դիրքորոշումը անփոփոխ է: Մեր մօտեցումը կ՛արտացոլայ այս տարուան Ապրիլին Միացեալ Նահանգներու նախագահին արտայայտած յայտարարութեան մէջ»,- արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքին վրայ զետեղուած մեկնաբանութեան մէջ կը նշէ նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Մորկըն Օրթըկըս: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն»-ը։

Յիշեցնենք, որ բանաձեւին հաստատումէն ետք, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած Անգարայի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը եւս նման յայտարարութիւն մը կատարած էր, իսկ այս տարուան Ապրիլ 24-ին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցին առթիւ հրապարակուած ուղերձին մէջ, նախագահ Տանըլտ Թրամփ 1915-ի իրադարձութիւնները անուանած էր «Մեծ Եղեռն», դարձեալ խուսափելով «ցեղասպանութիւն» բառը օգտագործելէ:

Yerakouyn.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2019
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ