Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը մեկնաբանած է Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին բանաձեւի ընդունումը:
Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը յայտնած է, որ բանաձեւին որդեգրումէն ետք ամերիկեան կառավարութեան դիրքորոշումը չէ փոխուած:
«Իշխանութիւններու դիրքորոշումը չէ փոխուած: Մեր դիրքորոշումը արտացոլուած է ապրիլին նախագահ Տանըլտ Թրամփի վերջին յայտարարութեան մէջ», յայտնած են Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունէն:
Յիշեցնենք, որ 24 ապրիլ 2019-ին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր յայտարարութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը բնութագրած էր «Մեծ եղեռն»` զգուշանալով «ցեղասպանութիւն» եզրին օգտագործումէն:դալ յաջորդիւ:
Leave a Reply