Մեկնաբանելով Ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը` «Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան դիրքորոշումը չէ փոխուած» կ՛ըսէ Թուրքիոյ մէջ ամերիկեան դեսպանատունը

Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը մեկնաբանած է Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին բանաձեւի ընդունումը:

Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը յայտնած է, որ բանաձեւին որդեգրումէն ետք ամերիկեան կառավարութեան դիրքորոշումը չէ փոխուած:

«Իշխանութիւններու դիրքորոշումը չէ փոխուած: Մեր դիրքորոշումը արտացոլուած է ապրիլին նախագահ Տանըլտ Թրամփի վերջին յայտարարութեան մէջ», յայտնած են Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունէն:

Յիշեցնենք, որ 24 ապրիլ 2019-ին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր յայտարարութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը բնութագրած էր «Մեծ եղեռն»` զգուշանալով «ցեղասպանութիւն» եզրին օգտագործումէն:դալ յաջորդիւ:

 http://www.aztagdaily.com/archives/457642 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2019
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ