Արամ Ա. կաթողիկոս ջերմօրէն կ՛Ողջունէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ

•

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, անմիջապէս որ իմացաւ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ միաձայնութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, հետեւեալ յայտարարութիւնը կատարեց. «Ջերմօրէն կ՛ողջունենք այս եզակի իրագործումը` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մեր հաւաքական պայքարի ճանապարհին վրայ: Արդարեւ, այս գծով կարեւոր դեր ունեցան Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի մարմինները եւ յատկապէս Ուաշինկթընի մէջ գործող Հայ դատի գրասենեակը: Անցնող տարիներու ընթացքին Ուաշինկթընի մէջ մենք այցելած ենք յիշեալ գրասենեակը, քաջալերած ենք Հայ դատի նուիրեալներուն աշխատանքը եւ մեր հայրապետական պատգամն ու օրհնութիւնը փոխանցած: Նաեւ հանդիպումներ ունեցած ենք հայ ժողովուրդի ու յատկապէս Հայ դատի բարեկամ պետական պատասխանատուներու հետ: Ահա թէ ինչու մենք յատուկ ուրախութեամբ կ՛ողջունենք այս կարեւոր նուաճումը, որ հետեւանքն է հաւաքական ու հետեւողական աշխատանքի»:

«Այս ուրախ առիթով, մեր բարձր գնահատանքը կը յայտնենք Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին` այն սպասումով, որ Ներկայացուցիչներու տունէն եւ Ծերակոյտէն ետք Միացեալ Նահանգներու նախագահը եւս վճռական քայլ մը առնէ այս ուղղութեամբ»:

«Փառք ու յարգանք իր բռնաբարուած իրաւունքներու պայքարին նուիրուած հայ ժողովուրդին»:

http://www.aztagdaily.com/archives/457297

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2019
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ