Խմբագրական. ՄԱԿ-ը, 9 դեկտեմբերը եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը

Հայ քաղաքական միտքը 9 դեկտեմբերին վրայ յատուկ ուշադրութիւն կեդրոնացնելու բոլոր պարտաւորութիւնները ունի: ՄԱԿ-ի օրացոյցին մէջ 9 դեկտեմբերը իբրեւ Ցեղասպանութիւններու զոհերու յիշատակի օր ամրագրելը պաշտօնական Երեւանի ներկայացուցչութեան նախաձեռնութիւնն էր` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Իրաւամբ 100-ամեակի մեր դիւանագիտական ձեռքբերումներէն կարեւորագոյնը կարելի է նկատել 9 դեկտեմբերի ամրագրումը ՄԱԿ-ի մօտ: Հայկական դիւանագիտութեան մարտավարութիւնը լիարժէք աշխատած է այս պարագային: Առանց նշելու Հայոց ցեղասպանութիւնը փաստօրէն  բոլոր ցեղասպանութիւններուն մէջ ներառելով նաեւ հայոցը, համաշխարհային  ոգեկոչման նուիրականացած օրուան վերածուած է 9 դեկտեմբերը:

Դեկտեմբեր 9-ը, 1948-ին, Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման եւ պատիժի մասին ՄԱԿ-ի համաձայնագիրի ընդունման օրն է: Իսկ այս թուականը ուղղակիօրէն կ՛առնչուի Ռաֆայէլ Լեմքինի հետ, որ հեղինակն է ցեղասպանութիւն եզրին: Լեմքին իր եզրակերտումը հիմնաւորած պահուն իբրեւ առաջին օրինակ նշած էր հայերու պարագան: Պահելով հետեւողականութեան տրամաբանութիւնը, ուրեմն ոգեկոչման օրը նախ եւ առաջ կը ներառէ Հայոց ցեղասպանութիւնը Լեմքինի հանգամանքը նկատի ունենալով եւ քաղաքական ընթերցումով` Երեւանի կողմէ բանաձեւի առաջադրումի փաստը:

Հայկական դիւանագիտութեան մարտավարութիւնը այնքան լիարժէք աշխատած է, որ բանաձեւի օգտին քուէարկած է նաեւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչը: Աւելի՛ն. ան ընդառաջ գացած է Երեւանի նախաձեռնութեան եւ դարձած բանաձեւի համահեղինակ:

ՄԱԿ-ի կողմէ ամրագրուած այս օրուան քաղաքական համաշխարհային հնչեղութիւնը վառ պահելու համար հայ քաղաքական դաշտը Երեւանէն մինչեւ տարբեր ցամաքամասեր, ուր հայկական կազմակերպ կեանք գոյութիւն ունի, առաջնային օրակարգ ձեւաւորելու հրամայականը կը շեշտուի:

Նշելով 9 դեկտեմբերը եւ ոգեկոչելով բոլոր ցեղասպանութիւններու զոհերուն յիշատակը, հայոց ցեղասպանութեան միջազգային հնչեղութեան ապահովման նոր նշաձողեր ապահովելու հաւանականութիւնները կը բարձրանան:

Բանաձեւի որդեգրման մարտավարութիւնը դիւանագիտութենէն քարոզչաքաղաքական հարթութիւն տեղափոխելով կրնայ նոյնանման դրսեւորումներ ապահովել: Բոլոր ցեղասպանութիւններուն նշումով շահագրգռուած կ՛ըլլան անշուշտ նախ ցեղասպանութեան զոհ գացածները: Իսկ այս բանաձեւին համահեղինակ պետութիւնները` թիւով 85, պատճառ չեն ունենար չմիանալու իրենց համահեղինակած բանաձեւի նշման նախաձեռնութիւններուն:

ՄԱԿ-ի մօտ նախաձեռնութիւնը հայկական էր: Նոյնպէս նաեւ անոր հանրահռչակման եւ մանաւանդ քարոզչաքաղաքական միջազգային հնչեղութեան ապահովման համար հայկական կողմէն առնուած քայլերով համանախաձեռնողներու խումբեր կրնան կազմուիլ: Այդ բոլոր ձեռնարկներուն կը յիշուին բոլոր ցեղասպանութիւններու զոհ գացած ժողովուրդները:

9 դեկտեմբերը այսպիսով կրնայ դառնալ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչումները զուտ հայկական նախաձեռնողական սահմաններէն դուրս բերելու եւ ոգեկոչումներուն միջազգային տարողութիւն ապահովելու առիթ: Չէ բացառուած, որ ՄԱԿ-ը ի՛նք եւս նշէ իր իսկ կողմէ ամրագրուած եւ իր օրացոյցին մէջ իբրեւ միջազգային օր ձեւակերպուած Ցեղասպանութիւններու զոհերու յիշատակի օրը:

9 դեկտեմբերը  ձեւակերպուած է իբրեւ «Ցեղասպանութեան յանցագործութեան զոհերու յիշատակի եւ արժանապատուութեան եւ այդ յանցագործութեան կանխարգիլման միջազգային օր»: Պաշտօնական Երեւանը հետեւողական է Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման առաջադրանքի հետապնդման մէջ շեշտելու ճանաչումը իբրեւ կանխարգիլում հետագայ ցեղասպանական փորձերու հիմնաւորումը:

Աշխարհագրական տարբեր միջավայրերու մէջ վերջին ժամանակներուն արձանագրուած ցեղային զտումի գործողութիւնները հետեւանք են ցեղասպանութիւններու անհետեւանք եւ անպատիժ, անհատոյց մնալուն: Կանխարգիլումը իմաստ կ՛ունենայ ցեղասպանին կողմէ նկատի ունենալով ո՛չ միայն պատասխանատուութեան ընդունումը, այլ նաեւ հատուցումը: 9 դեկտեմբերը ուրեմն միջազգային ձեւակերպումով իսկ կը ներառնէ հատուցման գաղափարը` կանխարգիլման անհրաժեշտութիւնը ընդգծելով:

Ցեղասպանական փորձի կանխարգիլման փաստ արձանագրուեցաւ նաեւ Արցախի մէջ, երբ հայկական խաղաղ ցոյցերուն Պաքուն հակադարձեց ջարդարար քաղաքականութեամբ: Սումկայիթ, Պաքու, Կիրովապատ, հասնելու համար ապրիլեան պատերազմի ընթացքին գործադրուած ռազմական յանցագործութեամբ յատկանշուած ամէնէն վայրագ դրսեւորումները համոզեցին, որ Պաքուն չէ հրաժարած արցախահայութեան նկատմամբ ցեղային զտում իրականացնելու իր առաջադրանքէն: Հայկական ինքնապաշտպանութիւնն էր, եւ ապա արդէն հայկական կանոնաւոր բանակը, որ զսպեց, ձախողեցուց եւ տապալեց Պաքուի կողմէ մշակուած ցեղասպանական քաղաքականութիւնը: Այս հիմնաւորումներով ալ ինքնորոշման իրաւունքի առընթեր արցախահայութեան անվտանգութեան երաշխաւորումը կը շարունակէ գերակայ ուղղութիւն մնալ իբրեւ արցախեան հակամարտութեան հանգուցալուծման հայկական հայեցակարգային հիմնադրոյթ:

9 դեկտեմբերը առիթ է հայ քաղաքական միտքին համար այս բոլոր առաջադրանքներուն միջազգային հնչեղութիւն ապահովելու:

http://www.aztagdaily.com/archives/456659 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2019
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ