«Ամերիկեան Ծերակոյտը անպայման պիտի ընդունի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բաաձեւը» կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան

ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեանը «Ա1+»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ Պրաթիսլաւայի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն ետք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի երեք համանախագահներու տարածած յայտարարութեան տակ երկու նախարարները չէին ստորագրած այն պատճառով, որ այդ փաստաթուղթը մերժած էր Էլմար Մամետեարովը: «Կը կարծեմ, մերժումը աւելի Ազրպէյճանէն էր, բայց Հայաստանն ալ դժգոհ չէր անկէ, քանի որ Նիկոլ Փաշինեանը, երբ վարչապետ դարձաւ, յայտարարեց, որ Մատրիտեան սկզբունքները ընդունելի չեն: Եւ չի բացառուիր, որ հայկական կողմը դժգոհ չէր, որ Մատրիտեան սկզբունքներուն յղում կատարող փաստաթուղթին տակ իր անունը չըլլայ», ըսաւ Կ. Մանոյեանը:

Անդրադառնալով 2020-ին Արցախի մէջ նախագահական եւ Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն` Մանոյեան ըսաւ, թէ ՀՅԴ-ն տակաւին չէ որոշած, թէ նախագահի թեկնածու պիտի առաջադրէ՞, թէ՞ պիտի պաշտպանէ որեւէ այլ թեկնածու: Մասնակցութեան ձեւաչափի հարցը պիտի որոշուի 15 դեկտեմբերին, արցախեան կառոյցի ժողովին:

Կ. Մանոյեան խօսեցաւ նաեւ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը ընդունող բանաձեւի մասին, որուն վրայ երրորդ անգամ վեթօ դրուեցաւ: «Սպիտակ տունը կրնայ մարտավարական քայլերով ձգձգել, բայց Ծերակոյտը անպայման պիտի ընդունի ատիկա: Ասիկա օրինագիծ չէ, բանաձեւ է եւ ընդամէնը քաղաքական արժէք ունի: Կրնայ նախագահը իր ուղերձին մէջ ալ չօգտագործել Ցեղասպանութիւն բառը, բայց Սպիտակ տան վրայ ճնշումը  աւելի պիտի մեծնայ», ընդգծեց Կ. Մանոյեան:

Խօսելով գործող իշխանութիւններու եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մասին` Կ. Մանոյեան հարց տուաւ, թէ, եթէ անոնց վարկանիշը նոյնքան բարձր է, ինչո՞ւ ձերբակալութիւններ կը կատարեն: «Անոր համա՞ր է վարչապետը խուճապի մէջ, եւ ամէն օր պէտք է ձերբակալութիւններ ըլլան: Թող ձերբակալութիւններ ընեն, բայց ոչ թէ վարկանիշը բարձրացնել-իջեցնելու հաշուոյն», ըսաւ Կ. Մանոյեան:

http://www.aztagdaily.com/archives/456851

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2019
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ