Թրքական ատեանը մերժեց պատրիարքական ընտրութեան վերաբերեալ հայցը

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը 24 սեպտեմբերին, Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարան ուղարկած էր պատրիարքի ընտրութեան նոր կանոնադրութիւնը, որուն միջոցաւ կը սահմանափակուէր արտասահմանաբնակ եպիսկոպոսներու մասնակցութիւնը ընտրութիւններուն:

85րդ պատրիարքի ընտրութիւնը կազմակերպող Նախաձեռնարկ մարմինը որոշած էր այս սահմանափակումին դէմ չբողոքել. այդ կեցուածքը դժգոհութիւն յառաջացուց պոլսահայ համայնքին մէջ։ Նաեւ, Նախաձեռնարկ մարմինին կազմէն քանի մը անձեր հրաժարական տուած էին:

Պոլսոյ Պէյօղլու թաղամասի Երեք Խորան հայկական եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի անդամ Սիմոն Չեքեմ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութեան եւ Պոլսոյ նահանգապետարանին դէմ դատական հայց ներկայացուցած էր՝ նշելով, որ պատրիարքի ընտրութիւնները կազմակերպող Նախաձեռնարկ մարմինը չէ կատարած իր ստանձնած պարտաւորութիւնները:

Դատարանը 4 Դեկտեմբերին մերժեց Սիմոն Չեքեմի հայցը՝ նշելով, որ Նախաձեռնարկ մարմինը չէ ձեւաւորուած Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ եւ բողոքը պէտք է ներկայացնել Նախաձեռնարկ մարմինին դէմ, այլ ոչ թէ նախարարութեան:

Սիմոն Չեքեմի կողմէ ներկայացուած դատական հայցին մէջ կը նշուի, որ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութեան հրապարակած կանոնադրութեամբ կը սահմանափակուի արտասահմանաբնակ եպիսկոպոսներու մասնակցութիւնը, հակառակ այն իրողութեան, որ նման սահմանափակում չէր եղած եւ թեկնածութիւն առաջադրելու հնարաւորութիւն կ՛ընձեռուէր այն եպիսկոպոսներուն, որոնք հոգեւոր ծառայութիւն կ՛իրականացնէին արտասահմանի մէջ եւ որոնց հայրերը ծնունդով Թուրքիայէն էին:

Ըստ դատական հայցին՝ Նախաձեռնարկ մարմինը, հակառակ այս անարդար սահմանափակման, որոշած է շարունակել պատրիարքական ընտրութիւններուն գործընթացը, ինչ որ իր պարտաւորութիւններուն անտեսում համարուած է դիմողին կողմէ։

Asbarez.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2019
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ