ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Միլլիյէթ» թերթը կը գրէ, որ Սէուտական Արաբիոյ ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու կողմէ միասնաբար գործածուող «Էմ.Պի.Սի.» կայանը սկսած է հաղորդել «Թագաւորութիւններու կրակը» անունով հաղորդաշար մը, որ «օսմանցիներու դէմ թշնամութիւն կը քարոզէ»։ Հաղորդաշարին մէջ օսմանցիները ցոյց կը տրուին իբրեւ արաբներու թշնամի, բարբարոս ու անխիղճ։
Հաղորդաշարը դժգոհութիւն յառաջացուցած է թրքական շրջանակներէ ներս։ Հոլանտայի մէջ «Թուրք եւ արաբ աշխարհ» կոչուած միութեան նախագահ Մեհմետ Թիւթիւնճիւ կը պնդէ, որ հաղորդաշարը թուրքերուն դէմ թշնամութիւն կը քարոզէ, պնդելով, որ անիկա քաղաքական բնոյթ ունի, իսկ անոր նպատակն է՝ արաբները զայրացնել թուրքերուն դէմ։
«Անիկա լեցուն է սուտերով։ Ըստ անոր, օսմանցիները մեծ անիրաւութիւններ գործադրած են արաբներուն դէմ։ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը պէտք է անմիջական քայլերու դիմէ այս հաղորդաշարին դէմ», կ՛ըսէ Թիւթիւնճիւ։
Asbarez.com
Leave a Reply