Վահէ Մեսրոպեանի նոր հատորի շնորհանդէսը՝ «Ապրիլ» գրատան մէջ

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հեղինակ Վահէ Մեսրոպեան իր նոր հրատարակուած «Հայրենատիրութեան ճանապարհին» գիրքը պիտի ներկայացնէ երեքշաբթի, դեկտեմբեր 3ին, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ, «Ապրիլ» գրատան մէջ (415 E. Broadway, Glendale, CA 91205): Ձեռնարկին բանախօսներն են՝ Սուրէն Ղազարեան եւ Արտէմ Սարգսեան:

Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն:

«Հայրենատիրութեան ճանապարհին» գիրքը հաւաքածոյ մըն է յօդուածներու, որոնց մէջ հեղինակը կը ներկայացնէ Արեւմտեան Հայաստանի վերակերտման ուղղութեամբ տարուող անհրաժեշտ աշխատանքները՝ Ուուտրօ Ուիլսընի «իրաւարար վճիռ»ը իրականացնելու համար, ինչպէս նաեւ զանազան հարցերու վերաբերեալ իր մեկնաբանութիւնները:

Մեսրոպեան ծնած է 1954ին: Աւարտած է Երեւանի Պետական համալսարանի երկրաբանական բաժանմունքը, Մարքսիզմ-Լենինիզմի համալսարանի քաղաքագիտութեան բաժինը եւ մասնագիտացած է Մոսկուայի մէջ: Աշխատած է նախագծային եւ գիտահետազօտական հիմնարկներու մէջ եւ 1993ին սկսած է ծառայել հայկական բանակին: Դասաւանդած է Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական հիմնարկին մէջ: 2006ին ստացած է փոխգնդապետի կոչում: 2013ին լոյս տեսած է անոր առաջին գիրքը՝ «60 Յօդուած 60 Ամեակին» խորագիրով, իսկ 2015ին՝ «Վերանայել, վաւերացնել, վերակերտել» գիրքը: 2017ին Վահէ Մեսրոպեանին շնորհուած է գեներալի զինուորական կոչում:  Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար հեռաձայնել (818) 243-4112 թիւին կամ դիմել՝ noor@abrilbooks.com հասցէին։

Asbarez.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2019
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ