Հնչակեան գործիչ Փարամազի նուիրուած ֆիլմի ցուցադրութիւն Իզմիրի մէջ

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Իզմիրի մէջ ցուցադրուեցաւ վաւերագրական ֆիլմ մը, որ նուիրուած է յունիս 15, 1915ին Պոլսոյ Պէյազըտի հրապարակին վրայ Հնչակեան կուսակցութեան 19 այլ անդամներու հետ կախաղան հանուած Փարամազի ¤Մատթէոս Սարգիսեան) կեանքին։ Անիկա պատրաստուած է Գատիր Ագընի կողմէ, որ նաեւ հեղինակն է՝ «Հայ Յեղափոխական Փարամազ» գիրքին։

Ներկայացումէն ետք, Ագըն գոհունակութիւն յայտնեց ֆիլմին ստեղծած մեծ հետաքրքրութեան համար։ «Ուրախացայ, որովհետեւ ասիկա առիթ պիտի ըլլայ որպէսզի դարձեալ յիշենք մոռցուած եւ անգոյ նկատուած պատմութիւն մը։ Ֆիլմը երեւան կը հանէ այս երկրին մէջ հակաժողովրդավար քայլերը եւ ցեղային «մաքրագործումները», ըսաւ ան։

Ագըն դիտել տուաւ, որ 100 տարի առաջ, Պէյազըտի նման կեդրոնական հրապարակի մը վրայ «Կեցցէ՛ ընկերվարութիւնը» պոռացողներուն պահանջները այսօր մեր պահանջներն են։

Ֆիլմը նկարուած է Ժընեւի, Պազելի, Պէյրութի եւ Պոլսոյ մէջ։

Asbarez.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

Արխիւ