Էրտողան կը յոխորտայ Ցեղասպանութեան բանաձեւին քուէարկութիւնը խոչընդոտելուն համար

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».-Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան Նոյեմբեր 19ի նիստին ընթացքին, անդրադարձած է թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն, Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի ընդունման եւ Ծերակոյտին մէջ այդ բանաձեւի քննարկման վրայ դրուած վեթոյին:

Էրտողան, խօսելով թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ յառաջացած խնդիրներուն մասին, նշած է, որ անոնք արհեստականօրէն կը մեծցուին Միացեալ Նահանգներու մէջ հակաթրքական շրջանակներու կողմէ, շեշտելով, որ իր եւ նախագահ Տանըլտ Թրամփին միջեւ սերտ կապերը հակառակը կը յուշեն։

Ըստ Էրտողանի՝ թուրքերը «փաստաթուղթեր»ով ցոյց տուած են, որ Ներկայացուցիչներու տան կողմէ հաստատուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը «կը հակասէ պատմական ճշմարտութիւններուն եւ անարդար է»:

«Մեր հանդիպումէն ետք, բոլոր այն նախաձեռնութիւնները, որոնք կապուած են Ծերակոյտին մէջ հայկական պնդումներուն շուրջ քննարկման, ինչպէս գիտէք, ձախողած են: Անոնց դէմ վեթօ դրուած է», պարծանքով յայտնած է ան։

Յիշեցնենք, որ Թրամփին մօտիկ ծերակուտական Լինզի Կրեհեմ, Էրտողանին հետ հանդիպելէ ետք, կասեցուց բանաձեւը բաց քուարկութեան դնելու ծերակուտական Պապ Մենենտեզի առաջարկը։

Asbarez.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2019
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ