Քոնկրեսականներու բողոքի ալիք` Էրտողանի այցելութեան դէմ

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտի ղեկավարները Երեքշաբթի օր շարունակեցին քննադատել Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը Սպիտակ տուն այցելելու պատիւին արժանացնելու` նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումը, յատկապէս այն միջոցին, երբ անոր զինուորները Ամերիկայի դաշնակից քիւրտեր կը սպաննեն հիւսիսային Սուրիոյ մէջ:

Քոնկրեսականները նաեւ լուսարձակի տակ առին այն իրողութիւնը, որ Էրտողանի 2017-ի այցելութեան ընթացքին խաղաղ ցուցարարներու վրայ յարձակած Էրտողանի թիկնապահներէն միայն քանի մը հոգին մեղմ պատիժներ կրած են` շեշտելով, որ Թրամփ պէտք չէ արտօնէ, որ օտար երկիրներ երկրին մայրաքաղաքին մէջ ոտնակոխեն ամերիկացիներուն տարրական իրաւունքները:

Երկու շաբաթներու ընթացքին երկրորդ անգամն ըլլալով, ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտես Ծերակոյտի բեմէն քննադատեց Էրտողանի Սպիտակ տուն այցելութիւնը` նշելով 10 պատճառներ, որոնք պէտք է արգիլած ըլլային այցելութիւնը. անոնց շարքին են` Սուրիոյ մէջ պատերազմական ոճիրներու գործադրութիւնը Թուրքիոյ կողմէ, Ռուսիայէն հակաօդայիններ գնելու Անգարայի որոշումը, Կիպրոսի բռնագրաւումը եւ Յունաստանի սահմաններուն խախտումները:

Իր կարգին, ծերակուտական Քրիս Վան Հոլըն, դարձեալ Ծերակոյտի բեմէն, «Ամօ՛թ Միացեալ Նահանգներուն» յայտարարեց` քննադատելով Էրտողանը Սպիտակ տան մէջ ընդունելու Թրամփի որոշումը: Ան շեշտեց, որ Էրտողան կը շարունակէ իսլամ ծայրայեղական զինեալներ օգտագործել հիւսիսային Սուրիոյ մէջ իր նպատակներուն հասնելու համար եւ յիշեցուց Երկուշաբթի օր տեղի ունեցած հայ կրօնականի մը սպանութեան պարագան:

Ծերակուտականներ Ռիչըրտ Տըրպըն, Էտ Մարքի եւ Ռան Ուայտըն մամլոյ ասուլիս մը տուին այլախոհ թուրք պասքեթպոլի մարզիկ Էնես Քանթերի եւ Լրագրողներու պաշտպանութեան յանձնախումբին հետ` լուսարձակի տակ առնելով Թուրքիոյ մէջ շարունակուող մարդկային տարրական իրաւանց ոտնակոխումները:

Իր կարգին, ծերակուտական Ռիչըրտ Տըրպըն «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին քննադատեց Էրտողանի Ուաշինկթըն այցելութիւնը:

Ներկայացուցիչներու տան հանրապետական անդամներ Մայքըլ ՄըքՔոլ եւ Տեն Քրենշօ եւս իրենց ձայնը միացուցին բողոքի ալիքին` պահանջելով գործադիր իշխանութիւններէն, որ Էրտողանի թիկնապահներուն վայրագութիւններէն պաշտպանեն Էրտողանի այցելութեան դէմ բողոքողները, որպէսզի անոնց ազատ արտայայտուելու իրաւունքը ոտնակոխ չըլլայ իրենց երկրին մէջ նման իրաւունքներ ոտնահարող թուրք զինեալներու կողմէ: «Թուրքիոյ կառավարութեան ներկայացուցիչները պէտք է հասկնան, որ ամերիկեան օրէնքները պէտք է ամբողջութեամբ յարգեն Ուաշինկթընի մէջ», շեշտեց ՄըքՔոլ:

 http://www.aztagdaily.com/archives/465819

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2019
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ