Էրտողանի հետ հանդիպումէն ետք ամերիկացի ծերակուտականը արգելափակած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը

Հանրապետական ծերակուտական Լինտսի Կրեմ արգելափակած է Ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի ընդունումը, կը հաղորդէ News.am՝ վկակակոչելով ՌԻԱ «Նովոսթի»-ն:

«Ես նոր հանդիպեցայ Էրտողանի եւ նախագահ Թրամփի հետ եւ խօսեցայ խնդիրներու մասին, որոնց դէմ հանդիման կը գտնուինք Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ ներխուժման պատճառով: Ես յոյս ունիմ, որ Թուրքիան եւ Հայաստանը կրնան միասին լուծել այդ խնդիրը»,-ըսած է Կրեմ Ծերակոյտի` հեռուստատեսութեամբ հեռարձակուող նիստի ժամանակ:  Կրեմ, որ կը համարուի Թրամփի մօտ դաշնակիցը, աւելցուցած է, որ ծերակուտականները  «պէտք չէ ոչ գունազարդեն, ոչ ալ նորէն գրեն պատմութիւնը»:

Քոնկրեսի վերին պալատի օրէնսդրութեան համաձայն՝ ծերակուտականներէն ոեւէ մէկը կրնայ կասեցնել օրենսդրական նախաձեռնութիւն մը:

Yerakouyn.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2019
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ