«Բանաւոր պատմութեան կեդրոն»` Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ

Անի Զեյթունցեան

Նոյեմբեր 13-ին Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի ՀԲԸՄ Փափազեան գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ Զօրեան ինստիտուտի և Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի «Բանաւոր պատմութեան կեդրոն»-ի բացման պաշտօնական արարողութիւնը։

Զօրեան ինստիտուտը այս կեդրոնին յանձնած է իր՝ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաւոր պատմութեան յայտնի արխիւի պատճէնները։ Հաւաքածոն կարևոր նշանակութիւն ունի գիտնականներու, ուսանողներու, հետազօտողներու և ֆիլմարտադրողներու համար։

Բացման ընթացքին ցուցադրուեցաւ Ավրորա Մարտիգանեանի (Արշալոյս Մարտիկեան), խիզախութեան նուիրուած «Արշալոյսի Լուսաբաց» -ը շարժապատկերը։ Նախագիծի շնորհիւ Մարտիկեանի 104-ամեայ պատմութիւնը հասանելի կ’ըլլայ ապագայ սերունդներուն։

Բացման ժապաւէնը հատեցին Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի նախագահ Կարին Մարկիտէսն ու Զօրեան ինտիտուտի նախագահ Կրէկ Սարգիսեանը։

Hy.armradio.am

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2019
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ