Յունաստանի նախագահը յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին

Յունաստանի նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս (Prokopis Pavlopoulos) նոյեմբեր 5-ին այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմենփրես»-ը, Յունաստանի նախագահին կ՛ուղեկցէին Շրջակայ միջավայրի նախարար Էրիկ Գրիգորեան եւ Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Հայկ Սարգսեան:

Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան նախագահ Փաւլոփուլոսին ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի ստեղծման պատմութիւնը: Յունաստանի նախագահը նաեւ շրջայց կատարեց թանգարանին մէջ, գրեց թանգարանի յուշամատեանին մէջ:

Հայոց Ցեղասպանութեան յիշողութիւնը պէտք է պահպանուի, չէ որ եթէ ցեղասպանութիւնները մոռցուին, այդ յանցագործութիւնները նորէն կը կրկնուին: Սա ուղերձ է Երեւանէն բոլորին: Կը տեսնենք, որ աշխարհի մէջ նման իրադարձութիւնները կը կրկնուին, եւ կան անձիք, որոնք թշնամի են մարդուն եւ քաղաքակրթութեան: Մենք վերապրած ենք նոյն սարսափը, ինչպէս հայերը: Շատ շնորհակալ եմ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին եւ կառավարութեան մեզ հիւրընկալելու համար, որովհետեւ հայ-յունական յարաբերութիւնները երկար տարիներու պատմութիւն ունին, եւ մենք պէտք է պահպանենք այս ընդհանուր յիշողութիւնը»,- լրագրողներուն յայտնեց Յունաստանի նախագահը:

Այնուհետեւ Փաւլոփուլոս Ծիծեռնակաբերդի ծառուղին մէջ խորհրդանշական եղեւնի տնկեց:

1996-ի ապրիլ 25-ին Յունաստանի խորհրդարանը ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, իսկ 2014-ի սեպտեմբեր 9-ին՝ ընդունեց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը:

Yerakouyn.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2019
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ