Ծերակոյտին ներկայացուած Ցեղասպանութեան բանաձեւին հարցով քննարկումներ

ԿԼԵՆՏԷՅԼ, ԵՐԵՒԱՆ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի «Ֆէյսպուք»ի էջէն կը տեղեկանանք, որ Արեւմտեան եւ Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբերուն ներկայացուցիչները 31 հոկտեմբերին հանդիպումներու շարք մը ունեցան Միացեալ Նահանգներու ծերակուտականներու գրասենեակներուն մէջ, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանաչցող թիւ 150 բանաձեւը Ծերակոյտին մէջ եւս քուէարկութեան դնելու կարելիութիւնները քննարկելով։

Պատասխանելով «Արմէնփրէս»ի լրագրողին հարցումին՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արմէն Սահակեան յայտնեց, թէ Ներկայացուցիչներու տան կողմէ թիւ 296 բանաձեւին վաւերացումէն անմիջապէս ետք, յանձնախումբը բուռն աշխատանքի նախաձեռնած է Ծերակոյտի թիւ 150 բանաձեւին քննարկումը արագացնելու նպատակով՝ աւելցնելով. «Ծերակոյտին մէջ թիւ 150 բանաձեւը ներկայացուած է այս տարուան Ապրիլին: Այժմ բանաձեւը ունի Ծերակոյտի 21 անդամներու ուղղակի աջակցութիւնը: Աշխատանքներ կը տարուին այս թիւը բարձրացնելու ուղղութեամբ եւ շուտափոյթ ներկայացնելու Ծերակոյտի լիագումար նիստին՝ քուէարկութեան համար: Ծերակոյտին մէջ գործընթացները տարբեր են Ներկայացուցիչներու տան գործընթացէն եւ ժամկէտները տակաւին անորոշ են։ Դժուար է յստակօրէն ըսել, թէ երբ անիկա քուէարկութեան պիտի դրուի»։

Asbarez.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2019
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ