Իսրայէլի մէջ կոչ կ՛ըլլայ հետեւելու Ցեղասպանութիւնը ճանչցած Ամերիկայի օրինակին

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իսրայէլցի երկու նշանաւոր քաղաքական գործիչներ կոչ ըրին երկրի իշխանութիւններուն, որ ճանաչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ հետեւելով Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան օրինակին:

Արդարեւ, «Կապոյտ եւ սպիտակ» կուսակցական դաշինքի առաջնորդներէն Եաիր Լապիտ գրեց հետեւեալը. «Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանաչցող քուէարկութիւնը ուղղուած էր պատմական արդարութեան եւ ճշմարտութեան: Թուրքիոյ պէտք չէ արտօնել, որ ահաբեկէ աշխարհը՝ պնդելով Ցեղասպանութեան ժխտումին վրայ։ Պիտի շարունակեմ Իսրայէլի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու պայքարը»։

Իր կարգին, Իսրայէլի ներքին գործոց նախկին նախարար Կիտոն Սաար՝ «Լիքուտ» կուսակցութենէն, Ցեղասպանութիւնը ճանաչնալու կոչ ըրաւ՝ ողջունելով Ներկայացուցիչներու տան «բարոյական եւ սկզբունքային կեցուածքը»՝ աւելցնելով. «Իսրայէլ եւս պէտք է յստակօրէն ճանչայ այս սարսափելի վայրագութիւնները»։

Asbarez.com

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2019
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ