Միջազգային լրատուամիջոցները գլխաւոր լուրերով կ՛անդրադառնան ԱՄՆ-ի մէջ Ցեղասպանութեան բանաձեւին ընդունման

ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի ընդունման գլխաւոր լուրերուվ կ՛անդրադառնան միջազգային լրատուամիջոցները: «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ, BBC–ն կը գրէ, որ Ներկայացուցիչներու պալատը Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ հայերու զանգուածային սպանութիւնը անուանեց ցեղասպանութիւն: «Տասնամեակներու ընթացքին առաջին անգամն է, որ Ներկայացուցիչներու պալատը նման միջոցներ կը ձեռնարկէ: Առաջ նման փորձերը կը սահմանափակուէին մտավախութիւններով, թէ կրնայ վնասել Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն»,- ըսուած է BBC-ի հրապարակման մէջ, ուր մէջբերում կը կատարուի ԱՄՆ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի խօսքը. «Մենք պիտի չըլլանք կուսակցութիւն, որ կը ժխտէ ցեղասպանութիւնը, մենք պիտի չլռենք, մենք պիտի չմոռնանք»:

Ամերիկեան Washington Post-ի յօդուածագիրին դիտարկմամբ` գրեթէ 100 տարի պահանջուեցաւ, որ ԱՄՆ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ մեծամասնութիւնը ճանչնայ եւ հաստատէ, որ նման ոճրագործութիւն տեղի ունեցած է: Ինչպէս կ՛ըսուի բանաձեւին մէջ, ԱՄՆ կառավարութիւնը այլեւս պէտք չէ զուգորդել «Հայոց ցեղասպանութեան կամ որեւէ այլ ցեղասպանութեան ժխտման հետ»: Թուրքիան կորսնցուցած է ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի աջակցութիւնը, եւ «պատնէշը ճեղքուած է Թուրքիոի դէմ առաջարկուող պատժամիջոցներու ետին, որոնք նոյնպէս Երեքշաբթի հաւանութեան արժանացան Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ` նոր ազդակ հանդիսանալով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման»:

Reuters խորհրդանշական, միեւնոյն ժամանակ պատմական անուանած է քուէարկութիւնը: «Տասնամեակներ շարունակ Քոնկրէսին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման նախաձեռնութիւնները կանգ կ՛առնէին` պայմանաւորուած Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու վատթարացման մտավախութեամբ եւ Անգարայի կառավարութեան կողմէ ազդու լոպպինկով»,-կը գրէ գործակալութիւնը:

«ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատը ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը` սատարելով նաեւ Թուրքիոյ նկատմամբ պատժամիջոցներուն» խորագիրով յօդուածին մէջ Euronews կը նշէ, որ խորհրդանշական, բայց պատմական քուէարկութիւնը, հաւանաբար պիտի յանգեցնէ Թուրքիոյ հետ լարուածութեան: «Վերջին 35 տարուան մէջ առաջին անգամ նման քուէարկութիւն տեղի ունեցաւ, որ ընդգծեց Քոնկրեսի հիասթափութիւնը Թուրքիոյ կառավարութեան նկատմամբ, ի դէպ` ե՛ւ Դեմոկրատներուն, ե՛ւ Հանրապետականներուն կողմէ»,-ըսուած է հրապարակման մէջ:

Ria Novosti-ին յիշեցուցած է 1981-ին ԱՄՆ նախագահ Ռանըլտ Ռէյկըն պաշտօնապէս կիրառած է այդ եզրոյթը, սակայն անոր յաջորդող նախագահները հրաժարած են կիրառելէ: ԱՄՆ-ի 50 նահանգներէն 49-ը տեղական մակարդակով պաշտօնապէս ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, սակայն դաշնային առումով դեռ ճանաչում տեղի չէ ունեցած: Այդուհանդերձ, լրատուամիջոցը կը նշէ, որ ԱՄՆ-ը փաստացի ընդունած է հայերու ցեղասպանութիւնը 1951-ին, երբ Ուաշինկթըն դիմած է ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանին ` ի պաշտպանութիւն ցեղասպանութեան զոհերու (հայերու, քրիստոնէաներու, հրէաներու եւ լեհերու): «Թուրքիան աւանդաբար կը ժխտէ մեղադրանքները` կապուած Հայոց Ցեղասպանութեան հետ եւ ծայրայեղ ցաւագին կ՛արձագանգէ այդ հարցին»,-ըսուած է ռուսական լրատուամիջոցը:

Թուրքիոյ ժխտողականութեան իր հրապարակման մէջ կ՛անդրադառնայ նաեւ The Guardian: «Թուրքիոյ կառավարութիւնը երկար ժամանակ հերքած է կոտորածը բնութագրող ցեղասպանութիւն եզրոյթը, լոպպիստական արշաւ իրականացուցած ԱՄՆ-ի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ` խոչընդոտելով անոր կիրառումը», – նշուած է «ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի մեծամասնութիւնը քուէարկեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման օգտին» վերտառութեամբ յօդուածին մէջ:

Yerakouyn.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2019
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ