ՀՅԴ Բիւրօն կ՛ողջունէ Ամերիկայի Ներկայացուցիչներու տան որոշումը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը վերահաստատող եւ ամրագրող

Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ամրագրող Ներկայացուցչական տան թիւ 296 բանաձեւին որդեգրումին առիթով, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան տարածեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.

«Այս բանաձեւին քուէարկութիւնը պատմական է, որովհետեւ շուրջ 35 տարիէ ի վեր առաջին անգամն է, որ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան լիագումար ժողովին կը բերուի Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ այսպիսի համապարփակ բանաձեւ մը: Անցնող տասնամեակներուն նոյն Տան մէջ թէեւ խորհրդանշական որոշումներ կայացան, նման ամբողջական բանաձեւ քուէարկութեան չէր բերուեր, որովհետեւ միշտ ալ պարզ էր, որ ներկայացուելու պարագային` վստահօրէն պիտի որդեգրուէր:

«Ամենայնդէպս, հիմա որ բանաձեւը որդեգրուած է եւ վերահաստատուած ու ամրագրուած՝ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու փաստը, պարտինք շնորհակալութիւն յայտնել Միացեալ Նահանգներու քաղաքական այն գործիչներուն, որոնք այս հարցին հետեւողականօրէն աջակցած են եւ հիմա ալ կողմ քուէարկեցին: Այս յաղթանակը արդիւնքն է տասնամեակներ շարունակ Միացեալ Նահանգներու մէջ տարուած անդուլ պայքարին. անիկա յատկապէս արգասիքն է Միացեալ Նահանգներու մեր՝ ՀՅԴ կառոյցներուն եւ մարմիններուն, Հայ Դատի յանձնախումբերուն եւ գրասենեակներուն հետեւողական, ծրագրուած եւ ճշգրիտ աշխատանքներուն, որոնց մասնակից եղաւ նաեւ ամերիկահայ համայնքի մէկ կարեւոր մասը: Բոլորին վարձքը կատար:

«Ներկայացուցիչներու տան այս բանաձեւը ոչ միայն վերահաստատեց եւ ամրագրեց Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու փաստը, այլ պաշտօնապէս մերժեց նաեւ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութիւնը: Ներկայացուցիչներու տան երկու կուսակցութիւններուն կողմէ այս նախաձեռնութեան ստացած մեծ նեցուկը ճամբայ կը բանայ, որ Ծերակոյտն ալ որդեգրէ նմանօրինակ բովանդակութեամբ թիւ 150 բանաձեւը եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահն ալ կը մղէ ազնիւ եւ անկեղծ ոգեկոչում կատարելու՝ առանց շրջանցելու «ցեղասպանութիւն» բառին օգտագործումը:

«Համաշխարհային գետնի վրայ, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան այս որոշումը կարեւոր մարտահրաւէր է արդարութիւնը խոչընդոտելու՝ Թուրքիոյ քաղաքականութեան, եւ կը նպաստէ Առաջին Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին Թուրքիոյ կողմէ հայ ժողովուրդին եւ այլ ժողովուրդներու դէմ գործադրուած ոճիրներուն իրական, արդարցի եւ ամբողջական կարգաւորում բերելու պայքարին: Անգամ մը եւս կը փափաքինք շեշտել, որ այս բանաձեւին կարեւոր պատգամներէն է նաեւ այն ազդարարութիւնը, որ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններն ու ցեղասպանութիւնները անհանդուրժելի են քաղաքակիրթ աշխարհին համար, եւ նոյնքան անընդունելի է անոնց ժխտումը, անկախ այն բանէն, թէ ո՛ւր, ե՛րբ կամ ո՛վ կը կատարէ այդ ոճիրները»:

ՀՅԴ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԿԱՊԵՐՈՒ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

29 Հոկտեմբեր 2019

 Asbarez.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2019
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ