Ցեղասպանութեան բանաձեւը հովանաւորող քոնկրեսականներուն թիւը կը շարունկէ աճիլ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ողջունեց Ներկայացուցիչներու տան ղեկավարութեան այն որոշումը, որուն շնորհիւ 30 տարիներու ընթացքին առաջին անգամն ըլլալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը քուէարկութեան պիտի դրուի Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստին։

Արդարեւ, Ներկայացուցիչներու տան դեմոկրատ մեծամասնութեան ղեկավար Սթենի Հոյըր յայտեց, թէ թիւ 296 բանաձեւը քուէարկութեան պիտի դրուի 28 հոկտեմբերի շաբթուան ընթացքին։

Յայտնենք, որ Հայ Դատի յանձնախումբը հեռաձայնանին նոր արշաւի մը սկսած է՝ ANCA.org/call հասցէով՝ մղելու համար քոնկրեսականները քուէարկելու ի նպաստ բանաձեւին։

«Մինչ նախագահը տեղի կու տայ Էրտողանի ճնշումներուն դիմաց, Քոնկրեսին պարտականութիւնն է պաշտպանել Ամերիկայի շահերը՝ ցոյց տալով, թէ կարելի չէ արտօնել բռնատէրերու, որ առեւանգեն Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութիւնը եւ հաստատելով, որ ամերիկան արժէքները ծախու չեն», յայտարարեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան։

Միւս կողմէ, վերջին քանի մը օրերուն, 11 քոնկրեսականներ միացան բանաձեւը հովանաւորողներու փաղանգին։ Հովանաւորողներու ամբողջական ցանկը կարելի է տեսնել https://anca.org/ag-cosponsors կայքէջին վրայ։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը մօտէն կը գործակցի քոնկրեսականներուն հետ, ապահովելու համար Ներկայացուցիչներու տան թիւ 296, ինչպէս նաեւ Ծերակոյտին ներկայացուած թիւ 150 բանաձեւները։

Asbarez.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2019
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ