Անորոշութեան պայմաններու մէջ կը կարօտինք ողջմտութեան եւ լայնախոհութեան

Հետզհետէ ու­շագրաւ զար­գա­ցումներ տե­ղի կ՚ու­նե­նան Պատ­րիար­քի ընտրու­թեան խնդրի շուրջ։ Այսպէս անի­րաւո­ւած ու կեղ­ծո­ւած ընտրու­թեան մը նա­խօրէին ալ աւե­լի կը յստա­կանան դիր­քե­րը։ Ար­դէն առ­կայ տա­րակար­ծութիւննե­րէն ետք հի­մա տար­բեր թեկ­նա­ծու­նե­րու զօ­րակ­ցիլն ալ ինքնին պա­ռակտման նոր եղա­նակ մը կը ներ­կա­յաց­նէ։

Շա­տերուն հա­մար գաղտնիք չէ հա­մայնքի առա­ջատար բա­րերար­նե­րէն Տիգ­րան Կիւլմեզ­կի­լի եւ Պետ­րոս Շի­րինօղ­լո­ւի մի­ջեւ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող հա­կադ­րութիւ­նը։ Շի­րինօղ­լու, որ մին­չեւ մօտ ան­ցեալ մեծ ոգե­ւորու­թեամբ կը զօ­րակ­ցէր Արամ արք. Աթէ­շեանի, այժմ փո­խած է իր դիր­քը եւ կը զօ­րակ­ցի Սա­հակ եպս. Մա­շալեանի։ Այս պայ­մաննե­րու տակ Տիգ­րան Կիւլմեզ­կիլ կա­րծես այլ ընտրանք չու­նէր եւ ստի­պուած էր ինք ալ զօ­րակ­ցիլ Աթէ­շեան սրբա­զանին։

Այսպէս այս շա­բաթո­ւայ «Ակօս»ի թրքե­րէն էջե­րու վրայ կը տես­նենք Կիւլմեզ­կի­լի բա­ցատ­րութիւննե­րը, թէ ինչու հա­մար կը զօ­րակ­ցի Արամ սրբա­զանին եւ նմա­նապէս Սա­հակ եպս. Մա­շալեանի պատ­րո­ւակ­նե­րը ինչպէս ու­թը տա­րի եւս կրնայ հե­տաձ­գուիլ պատ­րիար­քա­կան ընտրու­թիւննե­րը եթէ դի­մէինք կա­տարո­ւած սխա­լը սրբագ­րե­լու նպա­տակով։ Միւս կող­մէ հա­սարա­կու­թիւնն ալ տար­բեր հար­թակնե­րու վրայ կը փոր­ձէ այլընտրանքներ գո­յաց­նել։

Այսպէս պոլ­սա­հայու­թիւնը տա­րին պի­տի աւար­տէ հետզհե­տէ աւե­լի սուր մրցակ­ցութեան մը պայ­մաննե­րուն ներ­քեւ։ Մեր առջեւ կը ծառանայ պատմական փորձադաշտ մը, կամ պիտի յաջողինք ողջամիտօրէն արդար լուծում մը գտնել, կամ ալ ստուեր պիտի ածենք համայնքի ապագային վրայ։

http://www.agos.com.tr/am/hvotvadzi/23102/anvorvoshutyean-bahmannyeru-mech-gi-garodink-voghchmdutyean-ev-lahnakhvohutyean

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2019
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ