Գուգարաց թեմի առաջնորդը իրենց թեկնածութիւնը ետ քաշելու կոչ ըրաւ Պոլսոյ պատրիրաքի պաշտօնի թեկնածուներուն

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Գուգարաց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Չուլճեան Արամ արք. Աթէշեանին եւ Սահակ եպս. Մաշալեանին ուղղուած նամակով մը յայտարարեց, որ ինք պատրաստ է իր թեկնածութիւնը չներկայացնելու, որպէսզի Թուրքիոյ իշխանութիւնները սրբագրեն Թուրքիայէն դուրս ապրող եպիսկոպոսներուն թեկնածութիւնը արգիլող յօդուածը՝ ընտրական կանոնադրութեան մէջ։ Ըստ Սեպուհ սրբազանին՝ Անգարա թեկնածուներու թիւը սահմանափակած է յատկապէս դէմ դնելու համար իր ընտրութեան։ Այս իրողութենէն մեկնելով՝ Սեպուհ սրբազան կը հրաժարի թեկնածութենէն եւ Արամ ու Սահակ սրբազաններէն կը խնդրէ, որ դարձեալ դիմեն Թուրքիոյ իշխանութիւններուն եւ խնդրեն, որ ջնջուի կանոնագրութեան այդ յօդուածը։

Սեպուհ սրբազանը այս առաջարկին կողքին ներկայ կացութեան մասին քննարկումներ կ՛ընէ եւ դիտել կու տայ, որ նման արհեստական սահմափակումներով կատարուած ընտրութեան մէջ յաղթող կողմը չի կրնար ազգընտիր կամ արժանընտիր նկատուիլ, ուրեմն Արամ ու Սահակ սրբազանները պէտք է ո՛չ թէ խօսքով, այլ գործով ցոյց տան, որ կը պաշտպանեն իրենց միւս հոգեւոր եղբայրներուն իրաւունքները եւ դարձեալ դիմեն Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կամ իրենք եւս քաշուին ընտրութիւններէն։ Նշենք, որ Գերմանիոյ Հայոց թեմի նախկին առաջնորդ Գարեգին արք. Պէքչեան եւս ետ քաշած էր իր թեկնածութիւնը, քնադատելով Անգարայի միջամտութիւնը։

Asbarez.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2019
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ