Շիֆ եւ Պիլիրաքիս Ցեղասպանութեան բանաձեւին վաւերացումը կենսական կը նկատեն

Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող թիւ 296 բանաձեւը Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուցած քոնկրեսականներ Էտըմ Շիֆ եւ Կաս Պիլիրաքիս հոկտեմբեր 18 թուակիր նամակով մը դիմեցին իրենց պաշտօնակիցներուն, որ անյապաղ վաւերացնեն բանաձեւը՝ շեշտելով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ Քոնկրեսին շարունակուող լռութիւնը առիթ պիտի տայ նման ոճիրներու կրկնութեան։

Քոնկրեսականները իբրեւ օրինակ կը բերեն այս օրերուն Սուրիոյ հիւսիսը քիւրտերուն դէմ սկսած զինուորական գործողութեան, որ կ՛իրականցուի Թուրքիոյ բանակին եւ անոր զինակից ծայրայեղական վարձկաններու կողմէ։

Շիֆ եւ Պիլիրաքիս կ՛աւելցնեն, որ Ուաշինկթըն պէտք է վերջ դնէ Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութեան իր ցուցաբերած մեղսակցութեան՝ բան մը, որ խոտոր կը համեմատի Միացեալ Նահանգներու բարոյական արժէքներուն հետ։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ողջունեց քոնկրեսականներուն այս քայլը:

http://yerakouyn.com/2019/10/23 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2019
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ