ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Չորեքշաբթի, 16 հոկտեմբերին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Պոլսոյ Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ եւ Մխիթարեան միաբանութեան մօտ պապական նուիրակ Լեւոն արք. Զէքիեանի։
Հիւր հոգեւորականին կ՛ընկերանար Արամ Պօղոսեան։
Սմբատ վրդ. Սապունճեան եւ Աշոտ աբղ. Խաչատուրեան մասնակցեցան հանդիպումին։
Հանդիպումը անցաւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ եւ առիթ եղաւ ընդհանուր գիծերու մէջ զրուցելու մեր գաղութի եւ Պոլսոյ հայ համայնքի կեանքը յուզող հարցերու շուրջ։ Կողմերը փոխադարձաբար գոհունակութիւն յայտնեցին հանդիպումին համար, իսկ հիւրընկալ առաջնորդ սրբազան հայրը յաջողութիւն մաղթեց Լեւոն սրբազանին՝ իր աստուածահաճոյ առաքելութեան եւ ազգանուէր գործունէութեան մէջ։
Asbarez.com
Leave a Reply