Դոկտ. Նորա Արիսեան սուրիական խորհրդարանին մէջ կ՛անդրադառնայ թրքական զինուորական գործողութեան

Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան, Սուրիա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամական յանձնախումբի նախագահ դոկտ. Նորա Արիսեան խորհրդարանի 13 Հոկտեմբեր 2019-ի ելոյթին մէջ անդրադարձած է Թուրքիոյ կողմէ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ շղթայազերծուած զինուորական գործողութիւններուն` յայտնելով, որ անցնող 8 տարիներուն Սուրիոյ ժողովուրդը դիմակալեց ահաբեկչական զանազան կազմակերպութիւններ եւ յաղթանակ արձանագրեց, իսկ այսօր Սուրիան դէմ յանդիման կը գտնուի թրքական նոր յարձակումի, որ կը կոչուի «Խաղաղութեան աղբիւր», սակայն ատիկա ոչ մէկ կապ ունի խաղաղութեան հետ: Այդ գործողութիւնը ահաբեկչութեան, ջարդերու եւ բռնութիւններու աղբիւր է: Ատիկա օսմանականութեան վերակենդանացումն է Սուրիոյ մէջ, ուր թրքութիւնը իր արիւնարբու վատութիւնը ձգեց շրջանի արաբ, ասորի, հայ եւ այլ ժողովուրդներուն վրայ:

Արիսեան ընդգծեց ոճրագործները հաշուետուութեան ենթարկելու անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս անոնք, որոնք տակաւին կ’երազեն օսմանեան նկրտումները իրականացնելու մասին` հաստատելով, որ Սուրիան մասնատելու բոլոր ճիգերը ի դերեւ ելան:

Իր խօսքի աւարտին Արիսեան հաստատեց, որ բոլոր ոճրագործները եւ բռնագրաւողները պիտի ստանան իրենց համապատասխան պատիժը` Սուրիոյ բանակին եւ երկրի նախագահ Պաշշար Ասատի ջանքերուն շնորհիւ:

Yerakouyn.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2019
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ