Գամիշլին Թուրքիոյ օդային յարձակումներու թիրախ. այսօր դպրոցները փակ են

ԵՌԱԳՈՅՆ-Երէկ երեկոյեան սկսաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռ. Էրտողանի երկարատեւ ծրագրուած յարձակումը Սուրիոյ հիւսիսային կողմը գտնուող՝ Գամիշլի, Տրպեսիէի եւ Ռաս ուլ Այն շրջաններու վրայ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅ-ին յայտնեցին Գամիշլիի մեր աղբիւրները։ Առ այդ ապահովական նկատառումներով այսօր դպրոցները փակ պիտի մնան։

Գամիշլիի մէջ ռմբակոծուած են շրջանի ծայրամասերը՝ յատկապէս այնտեղ, ուր կը գտնուին քրտական զօրակայանները։ Օդային յարձակումները կը տեղան տարբեր կողմերէ, նոյնիսկ Գամիշլիին կից գտնուող Մծբին քաղաքէն, որ շատ մօտ է գերեզմանոցին։ Ռումբերէն մէկը ինկած է Պշերիէ թաղամասին մէջ եւ այրած բնակարան մը։ Ճաղճաղ գետի միւս ափին գտնուող Պշերիէ թաղամասին բնակչութիւնը տեղափոխուած է Ուսթա հայաբնակ թաղամաս, ուր աւելի ապահով է։

Ընդհանուր առմամբ հրթիռակոծումներուն հետեւանքով, այսօր, զոհուած է 8 եւ վիրաւորուած՝ 20 մարդ։

Թուրքիան հետզհետէ կ՚ընդլայնէ իր յարձակման գործողութիւններու աշխարհագրութիւնը, իսկ քիւրտերը իրենց կոչով յայտարարեցին, որ իրենք պէտք է պատրաստ ըլլան վատթարագոյնին։

Yerakouyn.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2019
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ