Արատ Տինք անպարտ հռչակուած

Խաղաղապաշտ ակա­դեմա­կան­նե­րու հետ զօ­րակ­ցե­լու հա­մար ինքզինք դա­տարան բո­ղոքող­նե­րէն Արատ Տինք ան­պարտ հռչա­կուե­ցաւ։ 18 ան­ձեր «Այս յան­ցանքին մեղ­սա­կից չենք ըլ­լար» խո­րագ­րեալ յայ­տա­րարու­թե­նէն ետք հար­ցաքննո­ւող ակա­դեմա­կան­նե­րու հետ զօ­րակ­ցե­լու հա­մար իրենք եւս կրկնած էին նոյն յայ­տա­րարու­թիւնը եւ պա­հան­ջած էին, որ իրենք ալ դա­տուին նոյն յան­ցանքով։ Այսպէս դատ յա­րու­ցո­ւած էր 18 ան­ձե­րու դէմ, որոնց մէջ էր նաեւ Արատ Տինք։

Տինք եւ ըն­կերնե­րը կ՚ամ­բաստա­նուէին ահա­բեկ­չութիւն քա­րոզե­լու մե­ղադ­րանքով։ Տինք 20 Յու­նի­սին կա­տարո­ւած դա­տավա­րու­թեան ըն­թացքին ըսած էր. «Դոյզն իսկ չեմ զղջա­ցած այդ յայ­տա­րարու­թիւնը ստո­րագ­րե­լուս հա­մար։ Կը զղջամ միայն այն բա­նի հա­մար, որ չենք կրցած յա­ջողիլ մեր խոս­տումին մէջ։ Անար­դա­րու­թեան դէմ լռո­ղը Սա­տանան է»։ Այս ըսե­լով ան մեր­ժած էր իրեն վե­րագ­րո­ւած յան­ցանքնե­րը։ Տինք նաեւ առար­կած էր իրեն դէմ կա­յանա­լիք որե­ւէ վճի­ռին յե­տաձգման դէմ։ Այ­սինքն աս­պա­րէզ կար­դա­ցած էր դա­տական հա­մակար­գին դէմ։ Վեր­ջա­պէս դա­տարա­նը ան­զօր մնաց իրա­ւաբա­նական առու­մով իր մատ­նո­ւած այս ան­ճա­րակ երե­ւոյ­թին դի­մաց եւ որո­շեց ան­պարտ հռչա­կել այս մե­ղադ­րանքով դատ բա­ցուած ան­ձե­րը։

http://www.agos.com.tr/am/hvotvadzi/23023/arad-dink-anbard-hrchaguadz 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2019
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ