Կեսարիոյ բանախօսութիւնը կը կայանայ Պոլսոյ մէջ

Նախապէս արձագանգած էինք Հրանդ Տինք Հիմնարկի 18 եւ 19 Հոկտեմբեր թուականներուն Կեսարիոյ մէջ ներկայացնելու պատրաստուած «Կեսարիոյ եւ շրջակայքի հասարակական, մշակութային եւ տնտեսական պատմութիւնը» խորագրեալ բանախօսութեան մասին։ Այժմ Հրանդ Տինք Հիմնարկը կը յայտնէ, թէ Կեսարիոյ կուսակալի միջամտութեամբ կարելի չէ եղած բանախօսութիւնը կատարել տեղւոյն վրայ։ Այժմ հիմնարկը իր նախագիծը պիտի իրականացնէ անարատ Յղութիւն շէնքի «Հաւաք» սրահին մէջ նոյն թուականներուն։

Համագումարին Կեսարիայէ եւ այլ քաղաքներէ մասնակցողներուն համար պիտի գործադրուի համացանցի դրութիւն, որու միջոցաւ կարելի պիտի ըլլայ, թէ ունկնդրել եւ թէ նաեւ հարցումներ ուղղել։

Այս մասին հիմնարկը կը յայտնէ թէ կուսակալութիւնը անպատասխան թողած է հիմնարկի շրջանակներու անձամբ այցելելու եւ տեղեկութիւն փոխանցելու խնդրանքը։ Վերջապէս կուսակալութիւնը հեռախօսով կապ հաստատած է Հրանդ Տինք Հիմնարկի հետ եւ յայտնած է, թէ յարմար դեն գտած Կէսարիոյ մէջ նման բանախօսութեան մը կազմակերպութիւնը։

http://www.agos.com.tr/am/hvotvadzi/22996/gyesarivoh-panakhosutiwni-gi-gahanah-bvolsvoh-mech 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2019
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ