Պատրիարքական տեղապահ Բարձր Տ․ Սահակ Եպս․ Մաշալեան Անգարայի մէջ

Պատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան 1 հոկտեմբեր 2019, Երեքշաբթի օդային ճամբով մեկնեցաւ Մայրաքաղաք՝ ուղեկցութեամբ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի։ Նորին Սրբազնութիւնը Ազգային Մեծ Ժողովի Նախագահ Փրօֆ. Տօքթ. Մուսթաֆա Շէնթօփի հրաւէրով եւ յանուն համայնքին մասնակցութիւն բերաւ Ազգային Մեծ Ժողովի բացման արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ Ժողովական Դահլիճին մէջ։ Ժամը 15.00-ին բացումը կատարեց Փրօֆ. Տօքթ. Մուսթաֆա Շէնթօփ ապա Իր խօսքը արտասանեց՝ Հանրապետութեան Նախագահ Ռէճէպ Թայյիպ Էրտօղան։

Իսկ երեկոյեան ժամը 19.00-ին նոյն առթիւ ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ, որու ընթացքին Նորին Սրբազնութիւնը յանուն համայնքիս շնորհաւորեց թէ՛ Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահը եւ թէ՛ Ազգային Մեծ Ժողովի Նախագահը եւ միջոց մը զրուցեց իրենց հետ։

Տեղապահ Սրբազան Հայրը նոյն գիշեր վերադարձաւ Ստանպուլ։

http://www.turkiyeermenileripatrikligi.org/site/hy/պատրիարքական-տեղապահ-բարձր-տ-սահակ-եպ-3/ 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2019
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ