Ուաշինկթընի Հայ դատի յանձնախումբը օրերս Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ կազմակերպած էր Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ յանցագործութեան հատուցման նիւթով քննարկում, որուն բանախօսած է իրաւագէտ եւ ցեղասպանագէտ, դոկտ. Ճերմէյն Մաքքալպին:
«Մէկ տեղ գոյութիւն ունեցող անարդարութիւնը ամէն տեղ սպառնալիք է արդարութեան», յայտնի իրաւապաշտպան Մարթին Լութեր Քինկի խօսքերը մէջբերած է իրաւագէտ եւ ցեղասպանագէտ դոկտ. Ճերմէյն Մաքքալպին` Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ Ուաշինկթընի Հայ դատի յանձնախումբին կազմակերպած քննարկումին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման հարցերուն շուրջ: Իր ելոյթին մէջ դոկտ. Մաքքալպին ընդգծած է միասնութեան կարեւորութիւնը այս նպատակներուն հասնելու համար, ինչպէս նաեւ ժխտողականութեան դէմ պայքարին մէջ:
«Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հատուցումը չի կրնար յաջողութեամբ պսակուիլ, եթէ անոր մասին քարոզեն միայն հայերը: Անհրաժեշտ է բոլորիս ու լայն զանգուածներու միասնական քարոզչութիւնը», ըսած է ան:
Ան կոչ ուղղած է դասեր քաղելու մարդկութեան նկատմամբ կատարուած այլ յանցագործութիւններու ճանաչման եւ հատուցման օրինակներէն` ընդգծելով, որ ցեղասպանութիւնը կը դադրի միայն զայն ճանչնալէ ետք:
«Պէտք է բացառել, որ ժամանակակից զարգացումները խափանեն յանցանքի ճանաչման հոլովոյթը: Քանի տակաւին ցեղասպանութիւնը կը ժխտուի, անիկա կը շարունակուի», նշած է Մաքքալպին:
Դոկտ. Մաքքալպիի կարծիքով` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հատուցման տրամադրումը կարեւոր է նաեւ Թուրքիոյ համար, քանի որ առանց անոր անկարելի է հասնիլ երկրի լիակատար ժողովրդավարացման: Ան վստահ է, որ` հատուցումը աւելի խոր երեւոյթ է, քան ֆինանսական փոխհատուցումը: Անոր առաջնային նախապայմաններէն է յանցագործութեան գիտակցումն ու ճանաչումը, որմէ ետք միայն կարելի է խօսիլ հատուցման ձեւերուն մասին:
Ուաշինկթընի Հայ դատի յանձնախումբի ղեկավար Արամ Համբարեան եւս համամիտ է` հատուցումն ու ճանաչումը փոխկապակցուած են, իսկ հատուցման համար անհրաժեշտ է ցեղասպանութեան յանցանքի ճանաչումը: Հայոց ցեղասպանութեան հարցով, ըստ Համբարեանի, կարելի է հասնիլ ճանաչման` աշխարհին մէջ համաձայնութեան ձեւաւորման միջոցով, որուն շնորհիւ Թուրքիան, մինակ մնալով, ստիպուած է ճանչնալու իրողութիւնը: Ատիկա ալ, ըստ Համբարեանի, ճամբան պիտի հարթէ հատուցման տարբեր ձեւերու շուրջ երկխօսութեան:
«Ասիկա իւրայատուկ չէ միայն հայերուն համար: Աշխարհի մէջ իւրաքանչիւր տեղ կայ այն ընկալումը, որ երբ յանցանք կը գործուի, ապա ոճրագործները նախ պէտք է ընդունին իրենց մեղքը, ճանչնան եւ ճամբայ գտնեն վերականգնելու արդարութիւնը զոհերուն նկատմամբ», ըսած է Արամ Համբարեան:
Հաւաքին ներկայ գտնուող Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճոն Էվընսի կարծիքով ալ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու հատուցման խնդիրը ունի որոշակի տարբերութիւն, օրինակ` Ողջակիզումին հետ` իրաւական հիմքերէ մեկնելով:
Yerakouyn.com
Leave a Reply