Թուրքիոյ Արտուին նահանգին մէջ յորդառատ անձրեւները մեծ խնդիրներ առաջացուցած են հաղորդակցութեան համար։
Թրքական Posta պարբերականի փոխանցմամբ՝ Արտուին նահանգի Պորչքայի եւ Հոփայի շրջաններուն մէջ յորդառատ անձրեւներու հետեւանքով Պորչքա գետը դուրս եկած է հունէն եւ լեցուած փողոցները։
Գետի հունի դուրս գալու հետեւանքով փակուած է Հոփա–Պորչքա ճանապարհը։ Մեծ թիւով մեքենաներ կուտակուած են այդ հատուածին մէջ։
Leave a Reply