Թուրքիոյ ԱԳ նախարարը Հայաստանի հասցէին մեղադրանք հնչեցուցած է

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն՝ ՄԱԿ-ի 74-րդ նստաշրջանի ծիրէն ներս՝ մասնակցած է «Իսլամական համագործակութեան կազմակերպութեան» (ԻՀԿ) «Հայաստանի՝ Ատրպէյճանի դէմ ուղղուած յարձակողական հարցերով շփման խումբի» ժողովին:

Ermenihaber.am-ի տեղեկութիւններով՝ թրքական աղբիւր մը այդ մասին իմացած է Twitter-ի մէջ Չաւուշօղլուի գրութենէն, որ եղած է անգլերէն եւ թրքերէն լեզուներով։

Գրութեան մէջ նշուած է.

«ԻՀԿ-ի Հայաստանի՝ Ատրպէյճանի դէմ ուղղուած յարձակողական հարցերով շփման խումբի ժողովին ընթացքին անգամ մը եւս դատապարտեցինք Հայաստանի անօրինական դիրքորոշումը»:

Չաւուշօղլի աւելցուցած է, որ այս առումով վերոնշեալ խումբը կարեւոր դեր կը խաղայ։

Յիշեցնենք, որ թուրք պաշտօնեան նշեալ խումբի նախորդ ժողովներուն ժամանակ՝ մշտապէս բարձրաձայնած է ղարաբաղեան հիմնախնդիրը։

Yerakouyn.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2019
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ